Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլեան Բանակը Իր Պատմութեան Մէջ Զինամթերքի Պահեստանոցի Մեծագոյն Գողութեան Ենթարկուած Է

January 4, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան բանակը տարիներու ընթացքին միլիոնաւոր տոլարներ ծախսած է հիւսիսային Նեկեւի մէջ իր ռազմակայանի անվտանգութիւնը երաշխաւորելու համար, սակայն արդիւնքը ծրագրուածին հակառակն է: Արդարեւ, իր տեսակին մէջ իւրայատուկ ու զարմանալի գործողութեան մը ընթացքին «անծանօթներ» իսրայէլեան բանակին հարուած մը հասցուցած են, երբ կրցած են հիւսիսային Նեկեւի մէջ իսրայէլեան բանակի մարզումի ռազմակայանի մը զինամթերքի պահեստանոցը ներթափանցել: Այս մասին կը հաղորդէ իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը:

Գողերը յաջողած են 5,56 միլլիմեթր տրամագիծի 93 հազար փամփուշտ գողնալ: Օրաթերթը կը նշէ. «Գործողութեան հեղինակները տեղեակ էին անվտանգութեան միջոցառումներէն եւ թերեւս ներքին օգնութիւն ստացած են»:

«Ետիոթ Ահրոնոթ» նաեւ կը նշէ, որ ռազմակայան ներթափանցողները անվտանգութեան շարք մը բացեր օգտագործած են եւ ռազմակայանին մէջ կիրարկուող ապահովական քայլերէն տեղեակ էին` աւելցնելով, որ անոնք քանի մը վայրկեանի մէջ մեքենաներու մէջ բեռցուցած են սնտուկները զինամթերքին, որ կրնան քրէական շուկային մէջ ծախել միլիոնաւոր շեքելներու հասնող գումարներու դիմաց, ուստի իսրայէլեան բանակին նաեւ նիւթական մեծ վնաս պատճառած են:

«Հեղինակը մինչեւ հիմա անծանօթ է, գողութեան հարցով ոեւէ կասկածելի չէ ձերբակալուած», յայտնեց օրաթերթը` նշելով. «Գոյութիւն ունի նաեւ այն հաւանականութիւնը, որ գողերը ռազմակայանին ներսէն օգնութիւն ստացած կրնան ըլլալ»:

Իսրայէլեան բանակը իր կարգին հաստատեց դէպքը` յայտնելով. «Երկրին հարաւը գտնուող բանակի ռազմակայանին մէջ բացայայտուեցաւ զինամթերքի պահեստանոց ներթափանցում մը, որուն ընթացքին բանակի զինամթերք գողցուեցաւ: Զինուորական ոստիկանութիւնը դէպքին շուրջ հետաքննութեան ձեռնարկեց, եւ արդիւնքները պիտի ներկայացնենք զինուորական դատախազութեան»:

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Խաղաղութեան եւ Համախմբման Տարի

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.