Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատուի Ա՛ռ

December 24, 2020
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՉԷ

Լիբանանի մարզական ֆետերասիոններու ընտրութիւններուն վարագոյրը գոցուեցաւ: Սեպտեմբեր 2020-էն ի վեր տեղի ունեցան աւելի քան երեսուն ֆետերասիոններու ընտրութիւնները` սկսելով հեծելարշաւէն եւ հասնելով պասքեթպոլին:

2020 տարին լեցուն չէր մարզական մեծ իրադարձութիւններով: «Քորոնա» ժահրը անդամալուծեց ո՛չ միայն Լիբանանի մարզական կեանքը, այլեւ մարզաշխարհի բոլոր խաղերը, ի մասնաւորի` Թոքիոյի ողիմպիական խաղերը, որոնք յետաձգուեցան յուլիս 2021-ին: Մարզիչներ, մարզիկներ, վարչական պատասխանատուներ ու հովանաւորներ վարակուեցան «Քորոնա» ժահրով ու դիմագրաւեցին դժուար պայմաններ` պայքարելով անոր դէմ:

Այսուամենայնիւ, Լիբանանի մարզական ֆետերասիոններու ընտրութիւնները տեղի ունեցան ճշդուած թուականներուն առանց ուշացումի: Կարգ մը ֆետերասիոններու կազմերը մնացին գրեթէ անփոփոխ, ուրիշներ դէմքերու փոփոխութիւններ ունեցան, իսկ վոլիպոլի եւ պասքեթպոլի ֆետերասիոններուն պարագային սուր մրցակցութիւն եղաւ ցանկերու միջեւ: Սակայն մնայունը ՀՄԸՄ-ի ներկայութիւնն էր: ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հետեւողական ու սերտ յարաբերութիւններուն շնորհիւ, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչները մաս կազմեցին հեծելարշաւի, փինկ փոնկի, աթլեթիզմի, թրիաթլոնի, ճատրակի, քոնկ Ֆուի, MMA-ի (մարտարուեստ), պասքեթպոլի ֆետերասիոններու գործադիր խորհուրդներուն եւ ստանձնեցին նախագահի, ընդհանուր քարտուղարի, փոխնախագահի, գանձապահի ու հաշուապահի հիմնական եւ պատասխանատու պաշտօնները: Վստահ ենք, որ ասոնց վրայ պիտի գայ աւելնալու ֆութպոլի ֆետերասիոնին ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչը` 2021-ին:

Այս բոլորը կու գայ ամրագրելու այն անհերքելի իրողութիւնը, որ ՀՄԸՄ-ը` իբրեւ մարմնակրթական միութիւն, տիրական ներկայութիւն է Լիբանանի մարզական կեանքին մէջ եւ իր արդար իրաւունքով պէտք է ներկայացուի Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի յառաջիկայ կազմին մէջ, որուն ընտրութիւնը  տեղի պիտի ունենայ յունուար 2021-ին:

Հազուագիւտ են այն մարզական ակումբները, որոնց ներկայացուցիչները անդամ են մէկէ աւելի ֆետերասիոններու: Բացի Մոն Լա Սալ ակումբէն, որ մաս կը կազմէ աւելի քան 17 ֆետերասիոններու. ՀՄԸՄ-ը իր զանազան մասնաճիւղերով մաս կը կազմէ աւելի քան 11 մարզական ֆետերասիոններու, որոնց վրայ կու գայ աւելնալու Սկաուտական ֆետերասիոնը:

Յառաջիկայ չորս տարիներուն ընթացքին, ընտրուած բոլոր անդամները իրենց կարողականութիւնը պիտի դնեն ի սպաս ՀՄԸՄ-ին, ՀՄԸՄ-ականներուն ու նաեւ լիբանանահայութեան` բարձր պահելով անոր դրօշը դաշտերէն ներս թէ դուրս: Իսկ մարզիկները դարձեալ պիտի գրաւեն պատուաւոր դիրքեր` նուաճելով ախոյեանութիւններու տիտղոսներ ու բաժակներ: Անոնք ամուր ու խրոխտ քայլերով դարձեա՛լ պիտի տողանցեն հպարտ ու իրենց հոգիները գոհունակութեամբ լեցուն:

Ահաւասի՛կ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքն է տողանցողը: Պատուի ա՛ռ:

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններ Ֆետերասիոնին Մօտ ՀՄԸՄ-ի Ներկայացուցիչը` Հայկ Թապագեան

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (24 Դեկտեմբեր 2020)

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.