Աւստրալիոյ առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ պաշտօնական յայտարարութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին բոլոր մասնակցողները, պարտաւոր են 14 օրուան ինքնամեկուսացումի ենթարկուիլ, նախքան մրցաշարքին մեկնարկը տրուիլը:
14 օրուան ինքնամեկուսացման ընթացքին, մարզիկները իրաւունք պիտի ունենան օրական հինգ ժամ փորձ կատարելու:
Բոլոր մասնակցողները «Քորոնա» ժահրի իրենց քննութիւնները պիտի կատարեն` Աւստրալիա մեկնելէ առաջ, ինչպէս նաեւ ինքնամեկուսացման ընթացքին 5 անգամ դարձեալ «Քորոնա»-ի քննութիւն պիտի կատարեն:
Նշենք, որ Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքը յառաջիկայ տարի պիտի սկսի նախատեսուածէն աւելի ուշ` 8 փետրուար 2021-ին:
Իսկ մրցաշարքին զտումի հանգրուանը պիտի կատարուի 10-13 յունուարին, Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ:



