Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեզի Պատժամիջոցներով Սպառնացողները Ի Վերջոյ Պիտի Հիասթափուին» Կ՛ըսէ Էրտողան

December 21, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անոնք, որոնք Թուրքիոյ պատժամիջոցներով կը սպառնան, ի վերջոյ պիտի հիասթափուին: «Էքաթիմերինի» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:

Էրտողանի համաձայն, Թուրքիան « իր գերիշխան իրաւունքներու օգտագործման հարցին մէջ երբեք պիտի չսասանի»:

«Անոնք փորձած են Թուրքիոյ սպառնալ բոլոր միջոցներով, ինչպիսիք են` ահաբեկչական խմբաւորումներու օգտագործումը, յեղաշրջման փորձերը, քաղաքական եւ տնտեսական թակարդները, պատժամիջոցները: Փա՛ռք Աստուծոյ, մինչեւ օրս անոնք ոչինչ կրցած են ընել», ըսած է ան:

Էրտողան նաեւ նշած է, որ իր երկիրը պատրաստ է համագործակցելու այն երկիրներուն հետ, որոնք յարգալից եւ արդար վերաբերմունք կը դրսեւորեն:

Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները 14 դեկտեմբերին յայտարարած են «Պատժամիջոցներով Ամերիկայի հակառակորդներու հակազդման մասին» (Սի.Էյ.Էյ.Թի.Էս.Էյ.) օրէնքի շրջանակին մէջ Թուրքիոյ Պաշտպանական արդիւնաբերութեան վարչութեան, ատոր ղեկավարին եւ հանրապետութեան եւս երեք քաղաքացիներու` Մուսթաֆա Ալփեր Տենիզի, Սերհաթ Կենճօղլուի եւ Ֆարքութ Եիկիթի դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու մասին:

«Թուրքիան շրջանային անվտանգութեան ոլորտին մէջ Միացեալ Նահանգներու արժէքաւոր դաշնակիցն ու կարեւոր գործընկերն է, եւ մենք կը ձգտինք շարունակել պաշտպանական ոլորտին մէջ արդիւնաւէտ համագործակցութեան մեր բազմամեայ պատմութիւնը` կարելի եղածին չափ արագ վերացնելով «Էս-400»-ի հետ կապուած խոչընդոտը»,նշուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի յայտարարութեան մէջ:

Նախորդը

Ընտրանիին Պահանջը

Յաջորդը

«Բրիտանիոյ, Դանիոյ, Նետերլանտներու Եւ Աւստրալիոյ Մէջ Տարածուած Է «Քորոնա»-ի Նոր Սերունդ Մը» Կ՛ըսէ Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Մէջ Առաքելութիւնը Մէկ  Օրուան Մէջ Աւարտեցինք, Սակայն Այդտեղ Մնացինք,  Որպէսզի Մեր Յաղթանակը Կարճատեւ Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Մէջ Առաքելութիւնը Մէկ Օրուան Մէջ Աւարտեցինք, Սակայն Այդտեղ Մնացինք, Որպէսզի Մեր Յաղթանակը Կարճատեւ Չըլլայ»

October 3, 2026
Ըստ Իսրայէլացի Պաշտօնատարի Մը.  Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւնները Զայրացած Են
Միջազգային

Ըստ Իսրայէլացի Պաշտօնատարի Մը. Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Զայրացած Են

October 3, 2026
Ռիատի Մէջ Մեքքայի Համաձայնագիրի Անդամ  Երկիրներու Արտակարգ Ժողով` Հուսիներու Հետ  Քաղաքական Ներգրաւուածութեան Քննարկման Համար
Միջազգային

Ռիատի Մէջ Մեքքայի Համաձայնագիրի Անդամ Երկիրներու Արտակարգ Ժողով` Հուսիներու Հետ Քաղաքական Ներգրաւուածութեան Քննարկման Համար

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.