Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամ Փաթրիք Լահուտ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ կը փափաքէր տեսնել համախոհական ցանկ մը եւ ոչ թէ երկու տարբեր ցանկեր, որոնք իրարու դէմ պիտի պայքարին` կազմելու համար Լիբանանի պասքեթպոլի նոր ֆետերասիոնը:
«Երկրին մէջ տիրող այժմու պայմանները երբեք չեն արտօներ, որ ընտրապայքար կատարուի երկու տարբեր ցանկերու միջեւ: Իմ անձնական կարծիքս այն է, որ կազմուի համախոհական ցանկ մը, բնականաբար երկու կողմերուն միջեւ տեղի ունենալիք համաձայնութենէն ետք», ըսաւ Լահուտ:
Նշենք, որ Լիբանանի պասքեթպոլի նոր ֆետերասիոնին ընտրութիւնները սկզբունքով պէտք է կատարուին երեքշաբթի, 22 դեկտեմբերին:



