Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ներկայացուցիչներու Տան Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Թուրքիան Դատապարտող Յայտարարութիւն Հրապարակած Է

December 19, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Էլիըթ Էնկըլ եւ յանձնախումբի բարձրաստիճան հանրապետական անդամ Մայքըլ Մըքքոլ Թուրքիոյ կառավարութեան եւ այդ երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` ՕԹԱՆ-ի նկատմամբ հակասական քայլերը եւ այդ երկրի` շարք մը այլ ոլորտներու մէջ վարած քաղաքականութիւնը դատապարտող յայտարարութիւն հրապարակած են: Այս մասին կը հաղորդէ «Ամերիկայի ձայն»-ի թրքերէն ծառայութիւնը:

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի. «Երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ Թուրքիոյ արդէն տասնամեակներէ ի վեր շարունակուող սադրիչ վարքը սպառնալիք կը ներկայացնէ շրջանի եւ առհասարակ ՕԹԱՆ-ի համար: Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւններու ամրութիւնը չափազանց կարեւոր է, այդ իսկ պատճառով, կը կարծենք, որ պէտք է աւելի ուժեղ պատասխան տալ Թուրքիոյ ապակայունացնող գործողութիւններուն: ՕԹԱՆ-ի անդամ Միացեալ Նահանգները, եւրոպական դաշնակից պետութիւնները, աշխատելով միւս դաշնակիցներուն հետ, պէտք է ամէն ինչ ընեն Թուրքիոյ քաղաքական ուղղուածութիւնը փոխելու համար»:

Քոնկրեսականները յայտարարութեան մէջ մտահոգութիւն յայտնած են նաեւ Թուրքիոյ կողմէ ռուսական զէնքի գնումին նկատմամբ: «Նախագահ Էրտողանի կողմէ «Էս-400» համակարգերու գնումը սպառնալիքի տակ կը դնէ ՕԹԱՆ-ի հետ համագործակցութիւնը եւ միացեալ պաշտպանութեան սկզբունքը, որ դաշինքի բանակներէն եւ զինեալ ուժերէն կը պահանջէ միացեալ քայլեր Ռուսիայէն եկող սպառնալիքները դիմակայելու համար: Ատիկա նաեւ Վլատիմիր Փութինին կ՛օգնէ ապակայունացման սերմեր ցանելու դաշինքին մէջ», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Քոնկրեսականները դատապարտած են նաեւ Թուրքիոյ կողմէ վարձկաններու օգտագործումը Սուրիոյ եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: «Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ Թուրքիոյ շարունակուող զինուորական գործողութիւնները զերոյի կը հաւասարեցնեն Միացեալ Նահանգներու եւ անոր գործընկերներուն կարեւոր ձեռքբերումները եւ կը խորացնեն տեղւոյն մարդասիրական ճգնաժամը: Նոյնիսկ հիմա Սուրիոյ հիւսիսը Թուրքիոյ կողմէ աջակցուող խմբաւորումները կը մեղադրուին մարդու իրաւունքներու լուրջ խախտումներու յանցանքով: Նախագահ Էրտողան, որ սուրիացի վարձկաններ ուղարկած էր Լիպիա եւ Ղարաբաղ, այլ համաշխարհային տագնապներ ալ սադրած է», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ քոնկրեսականները իրենց յայտարարութիւններով դատապարտած են նաեւ Միջերկրական ծովուն մէջ Յունաստանի եւ Կիպրոսի ջուրերուն մէջ Թուրքիոյ կողմէ բնական հարստութիւններու որոնումը, աջակցութիւնը Համասին, Միացեալ Նահանգներու կողմէ ահաբեկիչներ որակուած անձերու ապաստան տրամադրելը, դատական համակարգի Էրտողանի կողմէ իւրացումը, ինչպէս նաեւ ամերիկացի դիւանագէտներու հետապնդումը:

 

 

Նախորդը

«Ռուսական «Էս-400» Համակարգերը Ամերիկացի Զինուորներու Կեանքերը Կը Վտանգեն» Չաւուշօղլուին Կ՛ըսէ Փոմփէօ

Յաջորդը

Պորթնիքով Ալիեւի Հետ Քննարկած Է Լեռնային Ղարաբաղի Վերաբերեալ Եռակողմ Յայտարարութիւնը

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.