Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայրենիք»-ի Խմբագրական. Փաշինեանի Գոյութեան Անտանելի Թեթեւութիւնը

December 14, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեր խորագիրը ներշնչում առած է չեխ հռչակաւոր վիպագիր Միլան Քունտերայի «The Unbearable Lightness of Being» («Գոյութեան անտանելի թեթեւութիւնը») գործէն, որուն բառերը ամբողջական հարազատութեամբ կ’արտացոլացնեն Հայաստանի ներկայ օրերու իրավիճակը:

1984-ին գրուած` Քունտերայի նորավէպին կիզակէտը Փրակայի 1968-ի դէպքերն են, որոնք աւելի ծանօթ են «Փրակայի գարունը» անունով, եւ որոնք վերջ գտան արիւնահեղութեամբ` այդ օրերուն խորհրդային բանակի միջամտութեամբ:

Քունտերա, իւրայատուկ սրամտութեամբ, տիպարներ ստեղծած է, մասնաւորաբար տարբեր ակնոցով կը դիտէ եւ կը քննադատէ գերմանացի փիլիսոփայ Ֆրիտրիխ Նիցչէի գաղափարախօսութիւնը` յաւերժականութեան հայեցակարգի խորիմաստ ծանրութիւնն ու անիմաստ թեթեւութիւնը համեմատելով եւ տիպարներ ստեղծելով:

Այս գիրքին հրատարակութենէն հինգ տարի ետք, նոյեմբեր-դեկտեմբեր 1989-ին Փրակայի մէջ տեղի ունեցաւ այլ տեսակի «թաւշեայ յեղափոխութիւն» մը, այսինքն իշխանափոխութիւն եւ համակարգի փոփոխութիւն` Խորհրդային Միութեան փլուզման օրերուն, առանց արիւնահեղութեան, այլ` հետեւողական խաղաղ ցոյցերէ ետք:

Այդ անունն էր, որ օգտագործուեցաւ Երեւանի մէջ, ապրիլ-մայիս 2018-ի ցոյցերէն ետք: Պատահեցան բերման ենթարկելու արարքներ, խոշտանգումներ եւ ձերբակալութիւններ, սակայն 1 մարտ 2008-ի արիւնալի դէպքերը չպատահեցան. երկրին այդ օրուան ղեկավարը` Սերժ Սարգսեան, անվերադարձ հեռացաւ բեմահարթակէն` կացութիւն փրկելով:

Այսօր իրադրութիւնները այնպէս մը փոխուած են, որ յեղաշրջողը կը գտնուի յեղաշրջուողի կացութեան  մէջ: Եւ ներքին ապահովութեան միեւնոյն ոստիկանները, որոնք մերժած էին բիրտ միջոցներ կիրարկել, այսօր նոյն կացութեան մէջն են: Հրահանգէն բան չէ փոխուած, հրահանգողն է, որ փոխուած է:

Կառչած մնալով աթոռին` իր հեղինակութիւնն ու ազդեցութիւնը կորսնցուցած վարչապետը յայտնապէս գերիրական եւ երեւակայական աշխարհի մը մէջ է. «Ֆէյսպուք»-եան, «Ինսթակրամ»-եան եւ «Թուիթըր»-եան բնագաւառին մէջ խօսքեր, արտայայտութիւններ, մատնանշումներ, նկարներ, սելֆիներ յայտնաբերելով` կը շարունակէ կառչած մնալ իր պաշտօնին, առանց ըմբռնելու, թէ ի՛նչ կը պատահի Երեւանի ճամբաներուն վրայ, սահմանամերձ գիւղերու, Արցախի եւ դեռ աւելի հեռու` Պաքուի մէջ. պատերազմի դաշտերուն ինկած հերոսներու դիակներ եւ գերիներ ցարդ կը մնան անգտանելի: Բնականաբար կ’ուրախանանք` լսելով, որ մատի վրայ հաշուըուող գերիներ վերադարձած են, սակայն Ազրպէյճան այս ողբերգութիւնը եւս վերածած է քաղաքական խաղաքարտի:

Վարչապետը եւ շուրջինները չեն տեսներ, որ դանակը ո՛չ միայն ոսկորին հասած է, այլ սկսած է անդամահատել մարմինը:

Քունտերա իր յիշեալ վէպին մէջ կը գրէ. «Մարդը, որ կը փափաքի լքել իր բնակութեան վայրը, դժբախտ մարդ է»:

Այո՛, անկասկած որ դժբախտ են այդ արցախցիները, որոնք ստիպողաբար լքած են իրենց պապենական հողերը` իբրեւ հետեւանք մութ հաշիւներու եւ «անպաճոյճ» քաղաքականութեան: Պարագան իւրայատուկ է վարչապետ Փաշինեանի դիրքերէն:  Ան, հեռանայ պաշտօնէն թէ մնայ  վարչապետարանին «վարձակալը», պիտի նկատուի հայոց պատմութեան նորագոյն դժբախտութիւնը:

Հետեւելով Քունտերայի մէկ այլ մտածումին` արձանագրենք (քիչ մը ամփոփելով). հաւանաբար վարչապետ Փաշինեանի նպատակը «աւելի բարձր բան է», պէտք է սպասէ, որ օր մը տառապի գլխապտոյտով մը. գլխապտոյտը մեր ներքեւը տարածուող պարապութեան ձայնն է, որուն դէմ, սարսափահար դարձած, մենք մեզ կը պաշտպանենք:

Կայ աւելին. երբ ուժեղը շատ թոյլ է տկարին վնասելու համար, տկարը պէտք է այնքա՛ն ուժեղ ըլլայ, որ հեռանայ:

Արուեստագէտներ, քաղաքագէտներ, դասախօսներ, դիւանագէտներ, մինչեւ իսկ Հայաստանի այժմու նախագահն ու նախորդները, ժողովուրդէն ստուար թիւ մը, շրջաններու պատասխանատուներ եւ, վերջապէս, երկու կաթողիկոսները կը յորդորեն, որ վարչապետը  իր աթոռէն հրաժարի կարելի փութկոտութեամբ` վերջ տալու համար իր անտանելի թեթեւութեան, պարտուած ծանրութեան,  նաեւ իր…սնանկ ինքնապաշտպանողականին:

 

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Արցախահայութեան Մարդասիրական Օժանդակութիւնը` Առաջնային Հրամայական

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.