Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ երեկոյեան Պքերքէի մէջ ընդունեց Թրիփոլիի եւ Հիւսիսային Լիբանանի միւֆթի Մալեք Շաարը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ իր հիւսիսային Լիբանան կատարելիք այցելութեան նախապատրաստութիւնները:
Նշենք, որ Պքերքէի այցելուներէն եղաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոն, որ Ռայի պատրիարքին հետ քննարկեց տեղական զարգացումներն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Փիեթոն յայտնեց, որ Մարոնի պատրիարքութիւնը հիմնական դերակատարութիւն ունի լիբանանցիներու մերձեցումին մէջ:
Պքերքէի այցելուներէն եղան նաեւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսըն, նախկին նախարարներ Ժան Օպէյտ եւ Ռոժէ Տիպ:


