Իր պաշտօնական կայքին ընդմէջէն, ՖԻՖԱ-ն ներկայացուց այն երեք ֆութպոլիստներուն անունները, որոնցմէ մէկը պիտի ընտրուի 2020 տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը:
Այդ երեք թեկնածուներն են` Լիոնել Մեսսի, Քրիսթիանօ Ռոնալտօ եւ Ռոպերթ Լեւանտովսքի:
Մրցանակաբաշխութիւնը պիտի կատարուի յառաջիկայ 17 դեկտեմբերին, առցանց դրութեամբ:



