Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Չինաստանը Զինուորական Հզօրութեան Առումով Շուտով Պիտի Հաւասարի Միացեալ Նահանգներուն» Կ՛ըսէ Զօր. Միլլի

December 10, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չինաստանի իշխանութիւնները սրընթաց կը մեծցնեն իրենց զինուորական հզօրութիւնը, եւ շատ շուտով Փեքինը կրնայ համեմատուիլ Ուաշինկթընի հետ: Այս մասին «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի կազմակերպած առցանց սեմինարի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերու սպայակոյտներու պետերու միացեալ կոմիտէի նախագահ Մարք Միլլի:

Անոր համաձայն, շուրջ 30 տարի առաջ Միացեալ Նահանգներն ու Չինաստանը «անկարելի էր համեմատել» զինուորական առումով:

«Սակայն անոնք (չիները, «Ա.»), ինչպէս գիտէք, հզօր տնտեսութիւն ստեղծած են: Անոնք մեծ գումարներ ներդրած են զինեալ ուժերու ամրապնդման համար», աւելցուցած է Միլլի:

Անոր համաձայն, չինական կողմը կը մեծցնէ զինուորական ներուժը բոլոր ոլորտներուն մէջ, ներառեալ տիեզերքի եւ համացանցային տարածքին մէջ:

«Անոնք օդանաւակիրներ կը մշակեն, անոնք ունին չորրորդ եւ հինգերորդ սերունդի հալածիչներ, մշակած են Հակաօդային պաշտպանութեան շատ բարդ համակարգեր: Կարճ խօսքով` անոնք արդէն այս պահուն շատ հզօր զինեալ ուժեր ստեղծած են: Եթէ ներկայ դրութիւնը պահպանուի, ապա որեւէ պահու ապագային անոնք պիտի հաւասարին Միացեալ Նահանգներուն», ընդգծած է ան:

«Ուոլ Սթիրթ Ճըռնըլ» այս կապակցութեան կը նշէ, որ Չինաստանը յոյս ունի մինչեւ 2035 թուականը զինուորական ներուժի հարցին մէջ հաւասարիլ Միացեալ Նահանգներուն, իսկ «հարիւրամեակի կիսուն» մտադիր է հաւանական զինուորական տագնապի պարագային յաղթել Միացեալ Նահանգներուն:

Վերջին տարիներուն Չինաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւնները վատթարացած են: Յարաբերութիւններուն մէջ նոր լարուածութեան պատճառ դարձած են Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահ Տանըլտ Թրամփի` «Քորոնա» ժահրին վերաբերեալ Փեքինի հասցէին հնչեցուցած մեղադրանքները:

 

Նախորդը

Ակնարկ. Ամերիկեան Նախաբան` Կարգաւորման Վերաբանակցութիւններու

Յաջորդը

«Թուրքիան Պէտք Է Առաջնորդ Ըլլայ Խրիմի Ճգնաժամի Լուծման Հարցին Մէջ» Կ՛ըսէ Ուքրանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.