Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 5, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԷՅՐՈՒԹԻ նաւահանգիստի զոհերու ընտանեկան պարագաներ երէկ` ուրբաթ, 4 դեկտեմբերին, իրենց ոճով նշեցին 4 օգոստոսին պատահած պայթումի տխուր դէպքին քառամսեակը: Անոնք իրենց բողոքի ելոյթին մէջ իշխանութեանց պատկան մարմիններէն պահանջեցին լիազօրել դէպքին հետաքննութիւնը ստանձնած դատախազը, որ կարենայ հաշուետուութեան կանչել նաւահանգիստի պայթումին յանցագործները, «մեծերը, նախքան փոքրերը»: Անոնք «թատերական խեղկատակութիւն» որակեցին նաւահանգիստի պայթումին պատասխանատու յանցագործներուն գծով կատարուող դատական հետաքննութիւնները:

ԵՐԷԿ երեկոյեան խումբ մը ցուցարարներ պաշարեցին Համրայի «Ի.էս.էյ. Պիզնես Սքուլ»-ի շէնքը, ուր կը գտնուէր Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ` բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ: Հակառակ իրենց փորձերուն, ցուցարարները չկրցան մուտք գործել շէնք եւ բախում ունեցան տեղւոյն պահակ ոստիկաններուն հետ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ապահովական պատկան ուժեր երէկ ձերբակալեցին ծագումով լիբանանցի, ֆրանսահպատակ գործարար Զիատ Խէյրէտտինը` «Ինթըրփոլ»-ի հրամանագիրի հիման վրայ: Ըստ նախնական տեղեկութեանց, Խէյրէտտին մեղսակից գտնուած է Ֆրանսայի նախկին նախագահ Սարքոզիի նախընտրական արշաւին գծով Լիպիոյ օրուան վարիչներէն գանձուած ֆինանսաւորումի գումարներու փոխանցման հարցին մէջ:

ՊԵՏԱԿԱՆ երաժշտանոցի տնօրէն Պասսամ Սապա մահացաւ «Քորոնա» ժահրով վարակման պատճառով: Ան ամիսէ մը ի վեր կը գտնուէր Պէյրութի ամերիկեան հիւանդանոց, ուր սակայն հակառակ բոլոր ճիգերուն կարելի չէր եղած փրկել անոր կեանքը:

ՀԱՐԱՒԻ Նապաթիէ շրջանի Քսէյպէ-Ատշիթ աւանի մայրուղիին վրայ գտնուող ճաշարանի մը մէջ հրդեհ ծագեցաւ երէկ երեկոյեան: Հրշէջներ փութացին դէպքին վայրը: Նախնական տեղեկութեանց համաձայն, մարդկային զոհեր չկան, կան միայն նիւթական վնասներ:

 

 

Նախորդը

Բազմերես Պարտութենէն 25 Օր Ետք. Հայրենիքի Փրկութեան Գործնական Քայլերը Պէտք Է Համախմբեն Ողջ Հայութիւնը

Յաջորդը

Մամլոյ Ասուլիս Մը Տալով. Առողջապահութեան Նախարարի Պաշտօնակատար Համատ Հասան Անդրադարձաւ Ռումիէի Բանտին Մէջ «Քորոնա»-ի Ժահրին Տարածման Վտանգին

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.