Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է արցախեան վերջին պատերազմին ընթացքին կրած կորուստները: Այս մասին հաղորդեց «Ազ.սփութնիքնիուզ» կայքը:
Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներուն համաձայն, պատերազմին ընթացքին սպաննուած է երկրի զինեալ ուժերու 2783 զինուոր:
Հաղորդագրութեան համաձայն, ծիներու վերլուծման միջոցով կը շարունակուին աշխատանքները յաւելեալ 103 զինուորներու ինքնութիւնը հաստատելու ուղղութեամբ:
Բացի ատկէ, 1245 զինուորներ կը շարունակեն բուժում ստանալ հիւանդանոցներու մէջ:



