Պէյրութի նաւահանգիստի մաքսատան պատասխանատուներէն հանգստեան կոչուած գնդապետ Մունիր Ապու Ռժէյլի երէկ սպաննուած գտնուեցաւ իր ամառնային բնակարանին մէջ: Յետ քննութեան պարզուեցաւ, թէ ան սուր գործիքով գլխէն հարուածներ ստացած է: Այս գծով նախկին երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամ եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ հարցականներ դրին, թէ ի՞նչ առնչութիւն ունի Ապու Ռժէյլիի սպանութիւնը Պէյրութի նաւահանգիստի 4 օգոստոս 2020-ի պայթումին հետ:



