Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էլիաս Մըր. «Պատրաստ Եմ Լիբանանին Տրամադրելու Ամէն Տեսակի Օժանդակութիւն` Մասնագէտներու Կառավարութեան Կազմութենէն Անմիջապէս Ետք»

December 1, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ինթըրփոլի նախագահ Էլիաս Մըր իր վերընտրութեան առիթով տուաւ հարցազրոյց մը, որուն մէջ շեշտեց, որ Լիբանան օգտուած է եւ կը շարունակէ օգտուիլ Ինթըրփոլի ծրագիրներէն` աւելցնելով, որ ինք պատիւ կը զգայ ծառայելու իր երկրին եւ ժողովուրդին:

«Օր մը օրանց չեմ երկմտած իբրեւ լիբանանցի կատարելու իմ պարտականութիւններս եւ միշտ ալ հպարտացած եմ լիբանանցի ըլլալուս համար` հակառակ Լիբանանի դիմագրաւած հսկայական տագնապներուն եւ փորձանքներուն: Պատրաստ եմ Լիբանանին տրամադրելու ամէն տեսակի օժանդակութիւն, ըլլայ ան ուղղակի թէ անուղղակի` երաշխաւորելու համար յառաջիկայ փուլի անոր ապահովական կայունութիւնը: Այդ օժանդակութիւնը կը տրամադրուի մասնագէտներու կառավարութեան կազմութենէն անմիջապէս ետք, կառավարութիւն մը, որուն նախարարները ըլլան ատակ եւ գործեն ի խնդիր Լիբանանի գերագոյն շահերուն: Այս դժուար օրերուն լիբանանցիները առանձին չենք կրնար ձգել», ըսաւ ան:

Էլիաս Մըր շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութենէն ետք լիբանանեան ապահովական կառոյցներուն հետ գործակցութիւնը պիտի ամրապնդուի, յատկապէս Ընդհանուր ապահովութեան ու Ներքին ապահովութեան ուժերուն հետ:

«Ունինք նաեւ ծրագիր մը, որ կը միտի ամրապնդել լիբանանեան դատական իշխանութիւններուն հետ համագործակցութիւնը` ելեկտրոնային մակարդակով եւ համաշխարհային չափանիշներով», շեշտեց ան:

Մըր ընդգծեց, որ Ինթըրփոլի կողմէ առաջադրուած է նախաձեռնութիւն մը, որուն նպատակն է գործադրել ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու ռազմավարութիւն մը, որուն գործադրութիւնը հինգ տարուան տեւողութիւն ունի` նկատի ունենալով, որ անիկա կ՛ենթադրէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ենթակառոյց հիմնել Ինթըրփոլի անդամ երկիրներուն մէջ:

«Այդ երկիրներէն է նաեւ Լիբանանը, ուր այդ աշխատանքը պիտի կատարուի` ահաբեկչութեան դէմ ազդու կերպով պայքարելու համար», հաստատեց Էլիաս Մըր:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Իսրայէլեան Օդուժը Կը Խախտէ Լիբանանի Գերիշխանութիւնը, Իսկ Սահմանագծումի Խորհրդակցութիւնները Կ՛առկախուին

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.