Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարատոնա. Աստուծոյ Ձեռքը Եւ Ոսկի Ոտքը

November 30, 2020
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹՈՐԳՈՄ

Եթէ պիտի ուզենք բնութագրել արդէն ողջութեան առասպել դարձած, այժմ յաւերժացած Մարատոնան, կը խորհիմ ամէնէն դիպուկը կ՛ըլլայ ըսելը.

«Ֆութպոլի 20-րդ դարու վէճը, Աստուծոյ ձեռքը եւ դարու կոլը»:

Ֆութպոլի ազգային հաւաքականներու 1986-ի աշխարհի ախոյեանութեան մրցաշարքը կը պատկանի Մարատոնային:

Պատմութեան մէջ ուրիշ ոչ մէկ ֆութպոլիստի համար կարելի է ըսել, որ միջազգային մրցաշարք մը անոր կը պատկանի:

1986-ի աշխարհի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի առաջին իսկ խաղէն, Մարատոնա իր հակակշիռին տակ առաւ մրցաշարքը, յաւելեալ կորով ներշնչեց իր խմբակիցներուն եւ բարձրացուց աշխարհի ամէնէն հեղինակաւոր բաժակը:

Բայց այդ մրցաշարքին մէջ 22 յունիսին Անգլիոյ դէմ քառորդ աւարտականն է, որ կը մնայ անոր ասպարէզին որոշիչ պահը: Մասնաւորապէս, այդ չորս ճակատագրական վայրկեանները, երբ առասպելը յաւերժացաւ:

1982-ին Արժանթինի եւ Անգլիոյ միջեւ պատերազմ տեղի ունեցած էր Ֆոլքլանտ կղզիներուն համար, եւ այս մրցումը այդ պատճառով տարբեր բնոյթ կը կրէր:

Մեքսիքայի Ազթեք խաղավայրին մէջ եւ շուրջը համակիրներու միջեւ բախումներ պատահեցան: Ջիղերը գերլարուած էին:

Ֆութպոլային պատմութիւն մը նոյնպէս կայ: 1966-ի աշխարհի ախոյեանութեան քառորդ աւարտականին, Լոնտոնի Ուեմպլի դաշտին վրայ Արժանթին 1-0 արդիւնքով պարտուած էր Անգլիայէն: Կոլը նշանակած էր Ճէոֆ Հըրսթ, որ ըստ Արժանթինի` օֆսայտ դիրքի վրայ էր, իսկ իրաւարարին հետ վիճելուն պատճառով Արժանթինի խմբապետ Անթոնիօ Ռաթին վտարուած էր դաշտէն: Արժանթինցիք այնպէս համոզուած են, որ իրենցմէ խլուած է մրցումը:

«Դարու գողութիւնը» անուանած էր ատիկա արժանթինեան մամուլը:

20 տարի ետք Արժանթին լուծեց վրէժը: Եւ` «Դարու կոլը»:

Դաշտը լեցուցած էին ֆութպոլի 114 հազար սիրահարներ Առաջին կիսախաղը աւարտեցաւ 0-0: Երկրորդ կիսախաղի 6-րդ վայրկեանին օդէն փոխանցում մը դէպի Անգլիոյ բերդ, Մարատոնա եւ Անգլիոյ բերդապահ Շիլթոն միասին ցատկեցին եւ Մարատոնա բռունցքով հարուածեց գնդակին, որ յայտնուեցաւ բերդին մէջ: Իրաւարար Ալի Պըն Նասըր եւ օգնական իրաւարարը չնշմարեցին:

Քսանամեակ մը ետք բերդապահ Շիլթոն ըսաւ, որ Մարատոնա խարդախութիւն ըրած է, իսկ Մարատոնա յայտարարեց. «Աստուծոյ ձեռքը»:

Բայց անշուշտ երկնային միջամտութիւն չկար…

Մարատոնա աննկատելի զուարճացաւ ատով: Հինգ տարի առաջ, 2015-ին, ան այցելեց Թունուզ` այդ օրուան իրաւարար Պըն Նասերին, եւ անոր նուիրեց Արժանթինի ֆութպոլի հաւաքականի տարազը եւ Պըն Նասերը անուանեց իր յաւիտեան ընկերը:

Ասիկա ցոյց կու տայ Մարատոնայի խաղին չարաճճիութիւնը:

Այդ կոլէն միայն չորս վայրկեան ետք, Մարատոնա իր միւս կողմը ցոյց տուաւ աշխարհին: Հանճարը:

Մարատոնա գնդակը ստացաւ իր կիսադաշտին մէջ, խաղի բերելով Անգլիոյ հաւաքականի մարզիկներուն գրեթէ կէսը, սուրաց դէպի բերդ եւ նշանակեց կոլը, որ 2002-ին ՖԻՖԱ-ն ընտրութեամբ հռչակեց «Դարու կոլը»:

Անգլիական «Պի.Պի.Սի.» ձայնասփիւռի կայանի խօսնակը, որ մրցումը ուղղակի կը հաղորդէր, բացագանչեց. «Մարատոնա այս կոլով մաքրեց առաջին կոլին իր մեղքը»:

Այդ կոլին բացառիկ փայլքը, հակադրուելով անոր չորս վայրկեան առաջուան խորամանկութեան, յարմար յիշեցումն է լուսաւոր եւ մութ Մարատոնայի:

Չորս վայրկեան: Երկու պահ: Մէկ առասպելական Տիեկօ Մարատոնա:

Սխալ պիտի չըլլայ, եթէ Մարատոնային ալ ըսենք այն, որ Քիսինճըր ըսած է Փելէին:

1975-ին Նիւ Եորք Քոզմոս ֆութպոլի խումբը Փելէն միացուց իր շարքերուն եւ մեծ յաջողութիւններ արձանագրեց` Միացեալ Նահանգներու մէջ ֆութպոլի ժողովրդականութիւնը բարձրացնելով: Այս առիթով, այդ օրերու աշխարհի ամէնէն հեղինակաւոր քաղաքական գործիչը` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հենրի Քիսինճըր, հանդիսութեան մը ընթացքին Փելէն պարգեւատրած ատեն, անոր ըսաւ.

– Ամբողջ աշխարհի մէջ մարդիկ աւելի ձե՛զ կը ճանչնան, քան զիս:

 

 

Նախորդը

Ասիոյ Պասքեթպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Լիբանանի Տղոց Ազգային Խումբը Ապահովեց Փլէյ Օֆի Մրցումներուն Իր Տոմսը` Յաղթելէ Ետք Իրաքի (78-69)

Յաջորդը

Ո՞վ Պիտի Սանձէ Սուլթանի Ձին

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Ռիատի 3-րդ Տարին Ըլլալով  Շահեցաւ Ուասլի Բաժակը
Մարզական

Պասքեթպոլ. Ռիատի 3-րդ Տարին Ըլլալով Շահեցաւ Ուասլի Բաժակը

October 6, 2026
«Սփարք Լիկ».  ՀՄԸՄ-ի Աղջիկները` Ախոյեան
Մարզական

«Սփարք Լիկ». ՀՄԸՄ-ի Աղջիկները` Ախոյեան

October 6, 2026
Ճատրակ.  Հայաստան Հիւրընկալեց Դպրոցականներու  Աշխարհի Ախոյեանութիւնը
Մարզական

Ճատրակ. Հայաստան Հիւրընկալեց Դպրոցականներու Աշխարհի Ախոյեանութիւնը

October 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.