Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերը Քննարկեցին Ընտրական Նոր Օրէնքի Տարբերակներ

November 26, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի երէկ նախագահեց խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերու նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան ընտրական նոր օրէնքի տարբերակներ:

Նիստէն ետք Ֆըրզլի յայտնեց, որ ընտրական օրէնքի քննարկումը երեսփոխաններու իրաւունքներէն մէկն է` աւելցնելով, որ ընտրական նոր օրէնքի տարբերակներ առաջարկելը անոնց իրաւունքն է եւ ժողովրդավարութիւնը բարեկարգելու փորձ մը:

Ֆըրզլի յայտնեց, որ երկրին մէջ իսկական երկխօսութեան կարիք կայ` սահմանադրութեան յարկին տակ փոփոխութիւն իրականացնելու նպատակով:

Հզօր հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ առաջարկուածը ընտրական օրէնքը փոփոխութեան ենթարկելու տարբերակ չէ, այլ` Լիբանանի քաղաքական համակարգը փոփոխութեան ենթարկելու առաջարկ:

Ան նշեց, որ ներկայ պայմաններուն մէջ նման առաջարկի ներկայացումը ապառողջ երեւոյթ է:

Ատուան յայտնեց, որ իրենք` իբրեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւն, յստակ կեցուածք ունին առկայ ընտրական օրէնքին վերաբերեալ` աւելցնելով, որ խորհրդարանը համաձայնութիւն գոյացուցած է ընտրութիւնները կատարել ներկայ ընտրական օրէնքին հիման վրայ:

Ան ընդգծեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգելու որեւէ գրաւ ձախողած կարելի է նկատել:

Հզօր հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Փիեռ Պու Ասի հաստատեց, որ ընտրական նոր օրէնքի տարբերակ մը քննարկելու այս փորձը խաբելու նպատակ կը հետապնդէ եւ փողոցին մէջ լարուածութիւն կրնայ ստեղծել:

Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ ինք առաջարկած է ընտրական օրէնքի փոփոխութեան հարցը Ազգային երկխօսութեան նիստ փոխանցել, որովհետեւ անիկա կը բովանդակէ նաեւ սահմանադրական հարցեր, ինչպէս նաեւ քաղաքական համակարգի փոփոխութիւն:

Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ իրենց պլոքը առաջարկած է ընտրական արդի օրինագիծ մը, որուն նպատակն է բարեկարգել երկրին վարչակարգը: Ան շեշտեց ընտրական օրէնքին ընդմէջէն քաղաքացիական պետութեան հասնելու կարեւորութիւնը:

ՄԻՒՍ կողմէ, Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքը երէկ ներկայացուց կրկնակի աճապարանօք օրինագիծ մը, որուն հիմամբ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին զոհերը կը նկատուին նահատակներ եւ անոնց հանդէպ կը ցուցաբերուի նոյն վերաբերումը, որուն կ՛արժանանան լիբանանեան բանակի նահատակները:

 

 

Նախորդը

Ուեհպէ Քննարկեց Օտար Երկիրներու Մէջ Լիբանանցի Ուսանողներուն Գումար Փոխանցելու Դժուարութիւնները

Յաջորդը

Զօր. Աուն Նախագահեց Լիբանանի Ցամաքային Սահմանները Պաշտպանելու Ամերիկեան-Բրիտանական-Քանատական Օժանդակութեան Ծրագիրի Նիստին

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.