Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զինադադարէն Ետքի Մասին

November 20, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Ռուսիա վերահաստատեց, որ Կովկասի մէջ անվիճելի եւ անշրջանցելի իրաւարարը ինք է` պարտադրելով արցախեան պատերազմի զինադադարը եւ անոր հսկողութեան համար արագօրէն տպաւորիչ միջոցներով շրջան հասցուց բանակ եւ զինական հսկայ միջոցներ:

Զինադադարէ աւելին է հաստատուած դրութիւնը:

Ան յաղթանակն է ոչ միայն Ազրպէյճանի, այլ` Թուրքիոյ:

Կովկասի մէջ Ռուսիոյ միակ դաշնակից եւ գործակից Հայաստանի տկարացումը նպաստաւոր է Էրտողանի, որ կը ձգտի տարածաշրջանի իշխող գլխաւոր ուժը դառնալ: Ռուսիոյ հարաւային սահմաններուն վրայ Թուրքիոյ դէմ կանգնած քրիստոնեայ Հայաստանի տկարացումը միայն բացասական անդրադարձ կ’ունենայ ռուսական բազմազգ երկրի ներքին կեանքին մէջ եւ արտաքին սահմաններուն վրայ: Կ’անդրադառնայ նաեւ Ռուսիոյ կապին այն բոլոր ուղղափառ (orthodox) երկիրներու հետ, որոնց պաշտպանը եղած են ցարերը եւ Խորհրդային Միութիւնը, որոնք եղած են դէպի Միջերկրական իրենց ազդեցութեան գօտին: Իսկ Հայաստանի տկարացումը  Էրտողանի Թուրքիոյ առջեւ լայն կը բանայ դէպի Հիւսիսային Կովկասի իսլամ եւ թրքացեղ ժողովուրդները` առանց մոռնալու Խրիմի թաթարները: Էրտողան յայտարարած էր, որ Խրիմը ուքրանիական է, որպէսզի Ռուսիոյ իսլամ եւ թրքացեղ ժողովուրդներուն հասնելու բաց ճամբայ ունենայ:

Արցախը կքած է: Ռուսիա Կովկաս վերադարձաւ ոչ միայն հայերը աղէտէ փրկելու, ինչ որ առաջին ակնարկով կրնան մտածել մարդիկ, նաեւ հայեր` Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), այլ իր ազդեցութեան գօտին պաշտպանելու:

Հարց տանք. Ալիեւ եւ Էրտողան սանձարաձակ եւ լայնածաւալ նախայարձակում կրնայի՞ն գործել, եթէ վստահ չըլլային, որ Ռուսիա պիտի չհակազդէ: Հակազդելու պատճառ-պատրուակ ալ ընծայուեցաւ. ռուսական ուղղաթիռ մը հարուածուեցաւ ազերիներու կողմէ, եւ ինկաւ Հայաստանի հողամասին վրայ: Բայց Ռուսիա կրաւորական կեցուածք ունեցաւ, պատժիչ վերաբերում չունեցաւ, նոյն կրաւորականութիւնը ցուցաբերեց, երբ Թուրքիա վար առաւ ռուսական զինուորական օդանաւ մը Սուրիոյ մէջ:

Ի՞նչ պատահեցաւ: Ռուսիա իր շրջանային քաղաքական տիրակալի դերը խաղցաւ եւ զինադադար պարտադրեց, որ ինքնին բացասական չէ: Բայց զինադադարի պայմանները բացարձակ կերպով նկատի չէին առած Հայաստանի եւ հայութեան իրաւունքները, քանի որ անոնք կը հաստատէին թուրք-ազերի ռազմաքաղաքական շահերը` Հայաստանի տարածքով ճամբայ բանալով համաթրքական ծաւալապաշտութեան առջեւ, ցամաքով կապելով Թուրքիան Ազրպէյճանի, հանգրուան մը` դէպի Միջին Ասիա եւ անդին, դէպի Չինաստանի Զինճիանկ նահանգի ույղուրներու Ուրումքի քաղաքը: Այս միտքի մարզանք չէ:

Ռուսիա ինչ որ կը շահի մէկ կողմէ, անմիջական ներկայի մէջ, ինքնիրեն համար ապագայի տեղատուութեան հող կը պատրաստէ` միւս կողմէ:

Խիստ մակերեսային է այն միտքը, որ Ռուսիա բացասականօրէն տրամադրուած էր Փաշինեանի դէմ, որ իշխանութենէ հեռացուցած էր այն ղեկավարութիւնը, որ ռուսամէտ կը համարուէր: Փաշինեան արտառուսական երաշխիքներ փնտռելով` կը խանգարէր ռուսական գերակայութիւնը եւ չհասկցաւ, որ շրջանին մէջ հաւասարակշռութիւն եւ ապահովութիւն ռուսական էին: Ինքնագլուխ եւ ազատ քաղաքականութիւն վարել հաշտ աչքով չէր կրնար դիտուիլ Ռուսիոյ կողմէ:

Անցեալին Մոսկուան հրասայլեր կը ղրկէր հոն, ուր իր ազդեցութեան գօտիէն հեռանալու ցնորքներ յայտնաբերուէին: Հիմա ժամանակները փոխուած են, եւ Վլատիմիր Փութին անմիջական հակազդեցութիւներով գործող ղեկավար չէ, զինուորական յեղաշրջում կարելի չէր, ընդունելի չէր ըլլար երկրին մէջ եւ միջազգային հանրային կարծիքին կողմէ: Չհակակշռուող կացութեան հետեւանք է Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միասնաբար ծրագրուած նախայարձակումը:

Եւ միացեալ հզօր ուժերու դէմՀայաստան մնաց առանց նեցուկի:

Ապահով նեցուկ հանդիսացաւ սփիւռքը, որ օգնութեան փութաց իր նիւթական, քարոզչական եւ երբեմն նաեւ ուղղակի պաշտպանութեան մասնակիցներով:

Իսկ սփիւռքը` առաջին օթեակի հանդիսատես, հաստատեց, որ ազատ աշխարհ կոչուածը, բացի ասդին անդին յայտնուող զօրակցութիւններէ, որոնք բարոյականի սահմաններէն անդին չանցան, խօսքեր, յօդուածներ, ուրիշ օժանդակութիւն չբերաւ: Իսկ բժշկական կամ բարեսիրական օգնութիւն ուղղուեցաւ զոհին եւ նախայարձակին:

Հակառակ անհաւասար կռուի մտած հայոց գիտակից ինքնապաշտպանութեան եւ զոհաբերութեան` հրաշք կարելի չէր ակնկալել: 45 օրերու ընթացքին հայը կուրծք տուաւ թուրք-ազերի զինուորական ուժին, որուն վրայ գումարուեցան ծախուած մոլեռանդ վարձկանները:

Առանց հայ ժողովուրդը տեղեակ պահելու` քաղաքական-դիւանագիտական մութի մէջ զինադադարի պայմաններ մշակուեցան եւ ընդունուեցան, Հայաստանի կառավարութիւնը անկամ դարձած, պարտուած` հլու-հնազանդ գերիի պէս զանոնք ստորագրեց, ազգի այսօրուան եւ վաղուան համար ըստ ամենայնի մերժելի:

Պարտադրուած խաղաղեցումը ո՛չ հաշտութիւն է, ո՛չ ալ խաղաղութիւն: Ալիեւի համար Արցախի հարցը չէ լուծուած, քանի որ դեռ հոն հայեր կան: Էրտողանի համար Հայաստան, նոյնիսկ` ներկայի պարտադրանքներով բացուած ճանապարհներով, կը խոչընդոտէ համաթուրանական երազի իրականացումը:

Հայաստան պէտք է որ զինադադարի մոխրոտ գորշութիւնը թօթափէ` համազգային վստահութիւն ներշնչող եւ ոչ սիրողական կառավարութիւն մը կեանքի կոչելով, աշխարհագրական սահմանները անգիտանալով, համայն հայութեան բոլոր իրաւ կարողութիւններուն կոչ ընելով:

Օրակարգ պէտք է ըլլայ անսահմանափակ վերականգնումը:

Վերականգնումը կարգախօս չէ, ան միջոցներու ստեղծում է, անոնց յանձանձումը, նաեւ` հայոց տեսական համրանքի ուժի վերածումը:

Ի՞նչ իմաստ ունի ըսել, որ 15 միլիոն ենք, եթէ հայրենի բերդի պարիսպի ետին միայն 3 միլիոն ենք: Եւ պարիսպէն դուրս աւելի քան 10 միլիոն բարեսէր հայրենասէրներ, մանաւանդ խելքաբաշխ վերլուծողներ, գացող-եկող փառատենչիկներ:

Անսահմանափակ վերականգնումին համար անհրաժեշտ է զբօսաշրջութենէ տարբեր հայրենատիրական կազմակերպուած  եւ յանձնառու հայրենադարձութիւնը, որուն համար սփիւռքի յանձնակատարի գրասենեակէն աւելին պէտք է:

Զինադադար հաստատուած է: Ռուսիան, Եւրոպան, Ամերիկան, Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը կրնան խիղճի հանդարտութիւն զգալ, առանց շատ մտածելու գալիքի մասին, որ միայն հայկական պիտի չըլլայ: Ինչպէս կը գրէր ֆրանսական թերթ մը, Ազրպէյճանը պաշտօնապէս հանրապետութիւն է, բայց իրողապէս` սուլթանութիւն, յար եւ նման Թուրքիոյ մէջ եղած Էրտողանի սուլթանութեան: Իսկ սուլթանութիւնը իսլամիստական-համաթուրանական քուրան է, որ պիտի առաջնորդէ նախատեսելի մեծ պատերազմի:

Արցախ եւ Հայաստան գալիքի նախափորձերու դաշտն են, լապորաթորիան:

16 նոյեմբեր 2020, Նուազի-լը-Կրան

Նախորդը

Սուր Անկիւնէն. Ո՞վ Է Մեղաւորը

Յաջորդը

Նիկոլ Փաշինեանի Ընտրութիւնը

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.