Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ այցելեց լիբանանեան բանակի ճարտարապետական եւ գումակային աշխատանքներու յատուկ ջոկատներուն, ուր ան ստուգեց կատարուած աշխատանքները եւ ամբողջական բացատրութիւն լսեց ջոկատներու իրավիճակին, կատարած աշխատանքներուն, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով կրած վնասներուն, ինչպէս նաեւ անոր կարիքներուն մասին:
Զօր. Աուն այցելեց նաեւ զանգուածային քանդումի զէնքերէ պաշտպանուելու եւ սակրաւորներու յատուկ ջոկատին` դրուատելով անոր անդամներուն աշխատանքը սահմանային ապօրինի անցքերը փակելու եւ բանակին յատուկ կեդրոններն ու զօրանոցները հականեխելու աշխատանքը կատարելու առումով:
Զօր. Աուն բարձր գնահատեց իր այցելած ջոկատներուն աշխատանքները եւ ողջունեց բոլորը` արժեւորելով անոնց արհեստավարժ ընթացքը:
Զօր. Աուն ընդգծեց, որ այս պայմաններուն ներքեւ զինուորականներուն միջամտութիւնը պիտի ըլլայ խիստ, ինչպէս նաեւ պիտի դրսեւորուի ազդու եւ դրական արդիւնքներով:
«Կը դիմագրաւենք դժուար փուլ մը, որուն ընթացքին կարիքը ունինք պատրաստ ըլլալու, համբերելու եւ իմաստուն կերպով վարուելու: Մենք կը հաւատանք ձեր ուժին ու կորովին: Դուք մեր եւ Լիբանանին հպարտութիւնն էք», հաստատեց ան:



