Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կոչ Ուղղեց Մերժելու Հայաստանի Ու Ազրպէյճանի Միջեւ Ստորագրուած Փաստաթուղթը Եւ Հեռու Մնալու Ներքին Ցնցումներ Յառաջացնող Քայլերէ

November 16, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 15 նոյեմբերին Անթիլիասի մայրավանքէն հայ ժողովուրդին ուղղած իր հայրապետական պատգամին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս կոչ ուղղեց «մերժելու օրհասական պայմաններուն մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ Ռուսիոյ միջնորդութեամբ ստորագրուած եւ փաստօրէն զինադուլի համաձայնութենէն անդին, երկդիմի ու անորոշ կէտերով լեցուն եւ վտանգալից հետեւանքներով յղի ներկայ փաստաթուղթը»:

Ողջունելէ ետք հերոսաբար Արցախի հողը պաշտպանած մեր քաջ բանակը` ան ըսաւ, թէ «պատերազմը չէ աւարտած. հետեւաբար, պէտք է ըլլալ միակամ, զգօն ու իրատես` դիմագրաւելու ներկայ ճգնաժամային փուլը»:

Պայմաններու պարտադրանքով Հայաստան ապաստանած արցախցիներուն վեհափառ հայրապետը կոչ ուղղեց վերադառնալու իրենց տուները եւ իրենց կեանքը վերակազմակերպելու: Միաժամանակ, ան «հրամայական նկատեց Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչումը` Հայաստանի ու սփիւռքի միացեալ ճիգով եւ դերերու յստակացումով»:

Արամ Ա. կաթողիկոս շեշտեց, թէ ներկայ «ճակատագրական պայմաններուն մէջ անհրաժեշտ է հեռու մնալ անձնական ու կողմնակի մօտեցումներէ եւ գործել ազգին ու հայրենիքին ընդհանրական ու գերագոյն շահերէն մղուած»:

Կոչ ուղղելով մեր ժողովուրդի զաւակներուն` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Մեր հաւաքական վճռակամութեամբ թոյլ պէտք չէ տանք, որ մեր ազգին ու հայրենիքին անկախութիւնն ու անվտանգութիւնը, իրաւունքն ու արժանապատուութիւնը ենթակայ դառնան աշխարհաքաղաքական հաշիւներու ու փանթուրանական ծրագիրներու»: Ան յիշեցուց, թէ «համազգային բնոյթ ունեցող խնդիրներ պէտք է միասնաբա՛ր քննել ու համազգային տարողութեամբ որոշում կայացնել»: Միաժամանակ ան կարեւորութեամբ ընդգծեց, թէ «ժողովուրդին կամքը պէտք է մնայ գերակայ ու ճշդորոշիչ բոլո՛ր պարագաներուն, բոլո՛ր ժամանակներուն ու բոլո՛ր պայմաններուն մէջ` միշտ յարգելով սահմանադրութեամբ ճշդուած սկզբունքներն ու գործընթացները»:

Վեհափառ հայրապետը իր հայրապետական խօսքը փակեց հետեւեալ կոչով. «Բոլորս, անխտիր, համարատու ենք ժողովուրդին եւ պատասխանատու` պատմութեան դիմաց: Հայութիւնը եւ հայրենիքը ամէն բանէ վե՛ր: Մեր հողերը եւ մեր սրբութիւնները ամէն բանէ վե՛ր: Ա՛յս գիտակցութեամբ ու ա՛յս յանձնառութեամբ պէտք է գործենք ու պայքարինք այսօր, վաղը եւ միշտ»:

 

Նախորդը

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 105.430-ի. 24 Ժամուան Ընթացքին Արձանագրուած Են 1163 Պարագաներ

Յաջորդը

Ազրպէյճանցիները Պղծած Են Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց Մայր Տաճարը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.