Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երթը Պիտի Շարունակուի Յոյսով, Հաւատքով Եւ Անսահման Նուիրումով

November 14, 2020
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
(ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Պատգամը`
Միութեան Հիմնադրութեան 102-Ամեակին Առիթով)

Տօնական տրամադրութիւններէ ամբողջովին հեռու, մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին համար օրհասական պայմաններու մէջ, կը նշենք ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 102-ամեակը:

102 տարի առաջ, այս օրերուն, նորանկախ Հայաստանի հետ ծնունդ կ’առնէր Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը` ՀՄԸՄ-ը, անմիջապէս լծուելով Ցեղասպանութեան զոհ գացած մեր ժողովուրդի զաւակներուն` հազարաւոր որբերու փրկութեան, դաստիարակութեան եւ հոգեմտաւոր կազմաւորման աշխատանքին:

ՀՄԸՄ ծնունդ կ’առնէր հայրենիքէն հեռու, Պոլսոյ մէջ, սակայն առաջին օրէն ան կը ձեռնարկէր հայրենի ժողովուրդի, պետականութեան եւ բանակին օժանդակութեան գործին, հաւատարիմ իր նշանաբանին` «Բարձրացի՛ր-բարձրացո՛ւր»-ին եւ սկաուտական խոստումին` ազգին ու հայրենիքին ծառայելու պարտաւորութեան:

Ծառայութեան ճամբուն վրայ ՀՄԸՄ Հայաստանին կը ներկայացնէր իր լաւագոյն տարրերը` փորձառու խմբապետներն ու սկաուտները, որոնք կը յաջողէին գաղթական, որբ ու թշուառ պատանիներէն ստեղծել «Կամաւոր բանակ»-ը հայոց նորագոյն պատմութեան:

Բանակ մը, որ պիտի գործէր անդուլ եւ անվհատ, հայրենիքի մէջ եւ հայրենիքի խորհրդայնացումէն ետք` հայրենիքէն դուրս, հայկական սփիւռքի տարածքին, ամէնուրեք պահապանն ու պաշտպանը հանդիսանալով միութեան դաւանած արժէքներուն եւ հայ ժողովուրդի սրբազան նպատակներուն:

Այսպէս, Մայիս 28-ը, Եռագոյն դրօշը, անկախ հայրենիքը, հողահաւաքը եւ հայահաւաքը պիտի հանդիսանային ՀՄԸՄ-ի «Կամաւոր բանակ»-ին առաջնորդող սկզբունքները, որոնցմով հասակ պիտի առնէին եւ միութենական դաստիարակութիւն ստանային «Կամաւորական բանակ»-ի յաջորդական սերունդները, իրենց շարքերէն ծնունդ տալով նուիրեալներու, հայ ժողովուրդի ազգային հպարտութիւն ներշնչող դէմքերու եւ անձնազոհ նահատակներու` Վահան Չերազէն մինչեւ Վարդգէս Տէր Կարապետեան, Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայութեան ինքնապաշտպանութեան ճակատներուն վրայ ինկած հերոսներէն մինչեւ արցախեան առաջին պատերազմի նահատակները` Վարդան Բախշեանն ու Վաչէ Ռոստոմեանը, Վիգէն Զաքարեանն ու Յակոբ Առուստամեանը:

Ներկան տարբեր չէ երէկուան իրականութենէն: Արցախեան նորագոյն պատերազմին ՀՄԸՄ-ի «Կամաւոր բանակ»-ը դարձեա՛լ պատնէշի վրայ է եւ իր համահայկական կառոյցով դերակատար ու մասնակից է «Լինել-չլինելու» համահայկական մեր պայքարին:

ՀՄԸՄ աշխարհասփիւռ իր 111 մասնաճիւղերով զօրաշարժի մէջ է 27 սեպտեմբերի առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ, Արցախի, Հայաստանի եւ սփիւռքի իր բովանդակ կարողականութիւնները ի սպաս դնելով պատերազմին յաղթական ելքին:

Սփիւռքի մէջ, ՀՄԸՄ հայկական դեսպանատուներու, Հայ դատի մարմիններու եւ տեղական պատասխանատու կառոյցներու հետ գործակցաբար, մասնակից է թուրք-ազրպէյճանական պատերազմը դատապարտող ցոյցերուն եւ քարոզչական այլազան նախաձեռնութիւններուն: ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղեր կը կատարեն դաստիարակչական-տեղեկատուական հսկայական աշխատանք` ընկերային ցանցերով իրենց շարքերն ու համակիր շրջանակները տեղեակ պահելու համար արցախեան պատերազմի վերջին նորութիւններուն: Սկաուտներ ու մարզիկներ նամակներ կը գրեն հայկական բանակի զինուորներուն, անդամական շարքեր լիաբուռն կը մասնակցին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի եւ Արցախի օժանդակութեան համար կատարուող դրամահաւաքներուն: Բոլորը, անխտի՛ր բոլորը կ’աշխատին` յանուն Արցախին եւ յանուն հայութեան:

Արցախի մէջ, յուլիս 2019-ին հիմնուած ՀՄԸՄ-ի դեռատի մասնաճիւղը արդէն իսկ իր արեան տուրքը տուած է արիւնալի պատերազմին, նահատակութեան բագինին ընծայելով մասնաճիւղի անդրանիկ վարչութեան անդամ եղբ. Արտակ Իշխանեանը:

Մինչ Հայաստանի մէջ, հսկայական ու հերոսական աշխատանք կը կատարեն ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի մասնաճիւղերը` պատերազմի առաջին օրէն ձեռնարկելով բազմաճիւղ աշխատանքի: Արդարեւ, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութիւնը ժողովրդային հանգանակութեամբ կ’ապահովէ եւ ռազմաճակատ կ’ուղարկէ հայ զինուորին անհրաժեշտ հանդերձեղէն եւ պահածոյ ուտելիքներ: Վարչութիւնը կը հոգայ Արցախէն ժամանակաւորապէս Հայաստան տեղափոխուած 500 ընտանիքի պարէնային եւ տնտեսական անմիջական անհրաժեշտութեան ապրանքներ: Ու նաեւ, վարչութիւնը կը կազմակերպէ սկաուտական եւ գայլիկական տարիքի արցախցի երեխաներու ընկերային-դաստիարակչական ծրագիրներ:

Այս բոլորը կը կատարուին նիւթական մեծ զոհողութիւններով, կազմակերպչական գնահատելի ջանքով եւ ծառայութեան անսպառ ոգիով: Կը կատարուին սկաուտներու կողմէ, որոնց պատասխանատուներէն շատերը, իբրեւ հայկական բանակի զինուորագրեալ անդամներ, Արցախի պաշտպանութեան համար իրենց ամէնէն թանկագինը` գարուն կեանքերը կը զոհաբերեն հայրենիքին ու հայութեան: Այդ խմբապետներէն ու պատասխանատուներէն հինգը այսօր արդէն կ’ապրին երկրորդ կեանքով, որ կը կոչուի անմահութիւն: Վարչական եղբայր Գէորգ Հաճեան, սկաուտներ Գրիգոր Ղազարեան, Էրիկ Գալստեան, Արտակ Մարտիրոսեան եւ Հայկ Դերիկլեան մահուամբ մահուա՛ն յաղթելով այլեւս կը պատկանին ՀՄԸՄ-ի եւ հայութեան անմահ հերոսներու փաղանգին, իրենց կեանքով ու օրինակով դառնալով ներշնչման աղբիւր գալիք սերունդներուն:

Արդ, իր հիմնադրութեան 102-ամեակը միութեան անմահներու յիշատակին նուիրելով, ՀՄԸՄ-ի ընտանիքը վաղը կը խոնարհի իր հին ու նոր բոլոր հերոսներու սխրանքներուն դիմաց եւ աշխարհով մէկ կազմակերպուած հոգեհանգստեան պաշտօններով եւ հաւաքներով կու գայ հաստատելու, որ իւրաքանչիւր նահատակի հետ մեծցած է պատասխանատուութեան իր բաժինը` հանդէպ իր ժողովուրդին եւ անոր բազմաչարչար հայրենիքին:

ՀՄԸՄ կու գայ հաստատելու նաեւ, որ ան պիտի շարունակէ 1918-ին սկսած իր երթը` յոյսով, հաւատքով եւ անսահման նուիրումով, որպէսզի մինչեւ հիմնադրութեան յաջորդ տարեդարձ, եւ նորանոր ամեակներ, հայութեան «Կամաւոր բանակ»-ը կարենայ Եռագոյն դրօշը հպարտօրէն կոթողել «Կատարն հայրենի լերանց հեռագոյն»: Ու որպէսզի կիսատ չմնայ Վարդանին, Վիգէնին, Գէորգին, Արտակին եւ ՀՄԸՄ-ական բոլոր նահատակներուն գործը եւ անպայման, ուշ կամ կանուխ, ազգովին նշենք մեր Մեծ յաղթանակը, յանուն մեր նահատակներուն, յանուն մեր վաղուան օրուան, յանուն մեր պետականութեան եւ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանին:

 

 

Նախորդը

Հոգեհանգիստ՝ ՀՄԸՄ-ի Նահատակներուն Եւ Ննջեցեալներուն Յիշատակին

Յաջորդը

Այցելութիւն Հայաստանի Դեսպանատուն Եւ Յուշագիրի Յանձնում

RelatedPosts

ՀՅԴ-ի Թեկնածուն Նշանակուեցաւ Վիճակագրութեան  Կեդրոնական Վարչութեան Ընդհանուր Տնօրէն
Գաղութային

ՀՅԴ-ի Թեկնածուն Նշանակուեցաւ Վիճակագրութեան Կեդրոնական Վարչութեան Ընդհանուր Տնօրէն

October 10, 2026
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան 95-Ամեակին Առիթով  Հայ Գիրքի Ցուցահանդէս – Փառատօն
Գաղութային

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան 95-Ամեակին Առիթով Հայ Գիրքի Ցուցահանդէս – Փառատօն

October 10, 2026
Այնճարցի Նահատակ Գէորգ Հաճեանի Յիշատակը Ոգեկոչուեցաւ Այնճարի Վարժարաններուն Մէջ
Գաղութային

Այնճարցի Նահատակ Գէորգ Հաճեանի Յիշատակը Ոգեկոչուեցաւ Այնճարի Վարժարաններուն Մէջ

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.