Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իրան Հաւատադրժողական Ահաբեկիչներու Ներկայութիւնը Պիտի Չհանդուրժէ» Կ՛ըսէ Իրանի Զինեալ Ուժերու Բանբերը

November 9, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի զինեալ ուժերու մամլոյ քարտուղար Ապոլֆազլ Շեքարժի յայտարարած է, որ իրենք Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտող երկու կողմերն ալ կը յարգեն:

«Արմէնփրես», վկայակոչելով «Խապարօնլայն»-ը, կը հաղորդէ, որ Շեքարժի նշած է. «Որովհետեւ Իրան Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ հասարակաց սահման ունի, Իսլամական հանրապետութեան համար իր սահմաններու եւ սահմանամերձ շրջաններու քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը առաջնահերթութիւն է: Երկու երկիրները պէտք է շատ զգուշ ըլլան, որովհետեւ Իրանի նկատմամբ ամէնէն փոքր ոտնձգութիւնն ալ վճռական արձագանգի պիտի արժանանայ: Որեւէ տեսակի սպառնալիք դիմակայելու համար մենք շատ լաւ պատրաստուածութիւն ունինք: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հակամարտող կողմերէն մեր պահանջը այն է, որ հաւատադրժողական ահաբեկիչներու համար շրջանին մէջ տեղ չբանան»:

Ան ընդգծած է, որ հաւատադրժողական ահաբեկիչներու ներկայութիւնը Իրանի համար անհանդուրժելի է, եւ Իսլամական հանրապետութիւնը որեւէ պատրուակով անոնց ներկայութիւնը պիտի չհանդուրժէ: «Միւս կարեւոր հանգամանքը սիոնական վարչակարգի լրտեսական ռազմակայաններու գոյութիւնն է, մենք որեւէ պարագայի պիտի չարտօնենք, որ մեր սահմաններուն մօտ եւ տագնապի գօտիին մէջ այդ վարչակարգի ռազմակայաններ ստեղծուին: Այդ երկու հարցերը մեզի համար շատ սկզբունքային են, հակամարտող երկիրները այդ խնդիրներուն պէտք է լրջօրէն ուշադրութիւն դարձնեն:

«Հակառակ պարագային` ատոր հետեւանքներուն պատասխանատուութիւնը պիտի կրէ այն երկիրը, որ հաւատադրժողականներու եւ սիոնական վարձկաններու ներկայութեան համար տեղ կը բանայ, եւ Իսլամական հանրապետութիւնը վճռականօրէն պիտի դիմակայէ այդ չարագործ երեւոյթները», շեշտած է Իրանի զինեալ ուժերու բանբերը:

Իրանի խորհրդարանի պաշտօնական կայքը իր կարգին հաղորդեց, որ երեսփոխան Զապիօլլահ Ազամի Սարտուի յայտարարած է, թէ սահմանային անվտանգութեան հարցը Իրանի համար «կարմիր գիծ» կը համարուի:

Իրանցի երեսփոխանը, անդրադառնալով հայ-ազրպէյճանական տագնապի գօտիին մէջ տեղակայուած ահաբեկչական խմբաւորումներու վերաբերեալ հրապարակուած տեսանիւթերուն, մասնաւորաբար նշած է. «Իրան ոչ մէկ պարագայի պիտի հանդուրժէ ահաբեկչական խմբաւորումներու ներկայութիւնը իր սահմաններուն վրայ: Ահաբեկիչներու Կովկասի մէջ տեղակայումը չի բխիր որեւէ երկրի շահերէն»:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Եւ Արտաքին Գործոց Նախարարները Այցելեցին Պաքու

Յաջորդը

Փութին Եւ Էրտողան Մանրամասնօրէն Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Գօտիին Մէջ Տիրող Կացութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»

October 10, 2026
Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր  Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»
Միջազգային

Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»

October 10, 2026
Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ  Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ  Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»
Միջազգային

Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.