Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փարիզ Կը Սպառնայ Պատժամիջոցներ Հաստատել Անգարայի Դէմ` Էրտողանի Յայտարարութիւններուն Պատճառով

November 6, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիան անթոյլատրելի կոչած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի արտայայտութիւնները Ֆրանսայի իշխանութիւններուն հասցէին եւ չէ բացառած պատժամիջոցներու սահմանումը:

«Այժմ նախագահ Էրտողան պարբերաբար յայտարարութիւններ կ՛ընէ բռնութեան եւ նոյնիսկ ատելութեան մասին, ինչ որ անթոյլատրելի է: Վերջին օրերուն մենք փոխած ենք մօտեցումը մեր եւ ընդհանուր առմամբ Եւրոպայի մասին Էրտողանի յայտարարութիւններուն նկատմամբ: Ճնշում գործադրելու միջոցներ կան, պատժամիջոցներու հաւանականութիւն կայ», «Քոմերսանթ»-ի համաձայն` ֆրանսացի նախարարը ըսած է «Էօրոփ 1»-ի եթերէն:

Նախարարը յիշեցուցած է, որ Անգարայի մեղադրանքներն ու արտայայտութիւնները կը վերաբերին ո՛չ միայն Ֆրանսային, այլ նաեւ ամբողջ Եւրոպային: «Կը պնդենք, որ Թուրքիան հրաժարի նման ռազմավարութենէ: Իսկ եթէ ատիկա տեղի չունենայ, Եւրոպական խորհուրդը, որ կը միաւորէ Եւրոպական Միութեան 27 անդամ երկիրներու ղեկավարները, պիտի որոշէ, որ անհրաժեշտ է միջոցներ ձեռնարկել թրքական իշխանութիւններուն նկատմամբ», աւելցուցած է Լը Տրիան:

Էրտողան նախապէս Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին մեղադրած էր իսլամներուն իրաւունքները խախտելու յանցանքով եւ յայտարարած, որ վերջինս «հոգեկան խանգարումներու բուժման կարիք ունի»:

 

Նախորդը

«Ֆրանսա Կը Պայքարի Իսլամական Ծայրայեղականութեան Եւ Ոչ Թէ Իսլամութեան Դէմ» Կ՛ըսէ Մաքրոն

Յաջորդը

«Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Կողմերուն Զգուշացում Տրուած Է Իրանի Սահմանին Մօտ Ահաբեկիչներու Ներկայութեան Հարցով» Կ՛ըսէ Զօր. Սալամի

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.