Լիոնի մէջ թուրքերը պղծած են Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան շէնքը: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ տեղեկացուցած է «Ֆրանս 24»-ի լրագրող Աչրեն Վերտիանը` հրապարակելով լուսանկար:
«Լիոնի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան պատին յայտնուած է հակահայկական նոր գրառում մը, որուն մէջ կը յիշեցնեն Հայոց ցեղասպանութեան մասին, ինչպէս նաեւ «Գորշ գայլեր» կազմակերպութեան հաւատարմութիւնը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին», գրած է Վերտիան:



