Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»-Ի Առցանց Լսարան. «Աշխարհագրական Տարբեր Շրջաններու Մէջ Անգարան Եւ Մոսկուան Թէ՛ Կը Համագործակցին Եւ Թէ՛ Կը Հակադրուին» Հաստատեց Դոկտ. Վիգէն Չթըրեան

November 3, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի 16-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի: Զեկուցեց Ժընեւի համալսարանի դասախօս դոկտ. Վիգէն Չթըրեան` «Թուրքիան եւ Արցախի պատերազմը. ռուսական, ամերիկեան եւ եւրոպական ընկալումներ» նիւթին մասին: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:

Դոկտ. Չթըրեան պատերազմը որակեց իբրեւ Արցախի երկրորդ պատերազմ, որուն առնչուած երեւոյթները դիտարկեց կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ կտրուածքներով: Ի տարբերութիւն 1992-ի պատերազմին, ան Թուրքիոյ մասնակցութիւնը նկատեց իբրեւ ուղղակի աննախադէպ մասնակցութիւն ինչպէս ռազմական, այնպէս նաեւ քաղաքական եւ դիւանագիտական մակարդակներու վրայ: Զինական օժանդակութեան եւ բարձրաստիճան սպայակոյտի մասնակցութեան առընթեր, Թուրքիան քաղաքականօրէն կը ղեկավարէ Ազրպէյճանը եւ ամէն գնով փորձ կը կատարէ ԵԱՀԿ-ի ձեւաչափը փոփոխութեան ենթարկելու: Ըստ դասախօսին, սուրիական օրինակով Ժընեւը Ասթանայի վերածելով Անգարան կը փորձէ արցախեան տագնապի միջնորդութիւնը կամ համակարգումը վերածել Մոսկուայի եւ Անգարայի միջեւ կայանալիք համաձայնութիւններուն: Ինչ որ կը նշանակէ դուրս մղել Ֆրանսան եւ Միացեալ Նահանգները:

Ռուսիան կը մերժէ Թուրքիոյ այս մօտեցումը, որովհետեւ գոհ է ներկայ ԵԱՀԿ-ի ձեւաչափէն եւ ի վերջոյ Թուրքիոյ Ազրպէյճան մուտքը կը նկատէ ՕԹԱՆ-ի անդամ պետութեան մը մուտքը:

Ռուսական զգուշութիւնը կը բացատրուի նաեւ Հիւսիսային Կովկասի դրութեամբ, ուր Մոսկուան արիւնալի պատերազմներ մղած է: Այս բոլորին մէջ կան թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ Ռուսիոյ պարագային հակաարեւմտեան դիրքորոշումները, որոնք կը նպաստեն որոշ տեղեր համագործակցութիւն ծաւալելու: Երկուքն ալ կը նկատեն, որ Արեւմուտքը իր ազդեցութիւնը տարածելու առումով դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ, եւ ատիկա առիթ է ենթահողեր շահելու:

2016-էն ի վեր Մոսկուան եւ Անգարան թէ՛ կը համագործակցին եւ թէ՛ շահերու բախման կէտերու վրայ կը հակադրուին: Այսպէս կը պատահի թէ՛ Սուրիոյ մէջ եւ թէ՛ Լիպիոյ մէջ:

Այս հանգամանքներով ալ Թուրքիան համաձայն չէ հրադադարի հաստատման. այլապէս Ալիեւ կրնար հիմա որոշ առումով աւելի ամուր դիրքերէ մեկնիլ բանակցութիւններու:

Դոկտ. Չթըրեան խօսեցաւ նաեւ աշխարհաքաղաքական տարբեր ծրագիրներու մէջ Անգարայի եւ Մոսկուայի միջեւ գոյութիւն ունեցող համագործակցութիւն-բախում յարաբերութիւններուն:

Եւրոպական երկիրներու եւ Միացեալ Նահանգներու Թուրքիոյ նկատմամբ որդեգրած կեցուածքներու իւրայատկութիւնները ներկայացնելէ ետք դոկտ. Վիգէն Չթըրեան հաստատեց, որ անոնց պարագային տնտեսական պատժամիջոցներու դիմելը կրնայ շատ ծանր հետեւանքներ ունենալ Թուրքիոյ տնտեսութեան վրայ:

Վերադառնալով Արցախի պատերազմին` ան հաստատեց, որ ահաբեկչութեան խաղաթուղթը հայկական կողմին համար շատ կարեւոր հանգամանք ունի եւ ճիշդ ներկայացման պարագային խոցելի կը դարձնէ Անգարան եւ Պաքուն:

Ճանաչումի առաջադրանքի իրականացումը երկարատեւ եւ բարդ նկատելով` դասախօսը բանակցութիւններու գործընթացը համապարփակ քննութեան ենթարկելու անհրաժեշտութիւնը նկատեց հետագայ բանակցային ռազմավարութիւնը մշակելու եւ նպատակաուղղուած իրականացնելու համար:

Դասախօսութեան յաջորդեց քննարկում:

 

 

Նախորդը

Ընթացք Առին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հայագիտական Եւ «Խաչեր Գալուստեան» Մանկավարժական Կեդրոններու Դասաւանդութիւնները

Յաջորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովը Իր Զօրակցութիւնը Կը Յայտնէ Հայոց Բանակին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.