Սննդամթերք ներածողներու սենտիքայի նախագահ Հանի Պոհսալի յայտնեց, որ սենտիքան կը հետեւի ներածուած սննդամթերքի սակերուն վրայ ամերիկեան տոլարի արժէքի նուազումին ունեցած հետեւանքներուն:
Ան նշեց, որ դէպի Լիբանան ներածուող երկու տեսակի սննդամթերք գոյութիւն ունի: Առաջինը այն է, որ կը վայելէ Կեդրոնական դրամատան տրամադրած նպաստը, իսկ երկրորդը այն է, որուն համար նպաստ չէ տրամադրուած:
Պոհսալի զարմանք յայտնեց սննդամթերքի սակը նուազեցնելու առումով հանրախանութներուն եւ առեւտրականներուն արձանագրած յապաղումին համար` հաստատելով, որ այդ աշխատանքը մէկ կոճակ սեղմելով կարելի չէ իրականացնել:
«Սննդամթերքի սակերը այս շաբթուան ընթացքին պիտի նուազին, ինչպէս նաեւ սակերու ճշդման վերատեսութիւն պիտի կատարուի», ըսաւ Պոհսալի:



