Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուրախացնող Ուստան

October 24, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹՈՐԳՈՄ

– Քիչ ետք պատրաստ եղի՛ր, Ուստան դիտելու պիտի երթանք,- ըսաւ քեռիս:

Ես ուրախութենէս սկսայ ցատկռտել, որովհետեւ շատ կը սիրէի ծիծաղաշարժ շարժապատկերներ: Հայրս նոր մահացած էր, եւ քեռիս ատենը մէյ մը զիս սինեմա կը տանէր:

Տակաւին 10 տարեկան չկայի:

Անպայման «Ուստա»-ն  շարժապատկերի հերոսին («ֆիլմին պաթալին») անունն էր, ինչպէս` Չարլի Չափլին, Նորման Ուիզտըմ եւ այլն: Այդ դերասանները գիտէի, բայց Ուստան` ոչ: Վստա՛հ անոնց նման պիտի խնդացնէ:

Տունէն իջանք եւ քեռիիս ընկերոջը հետ սկսանք քալել, բայց փոխանակ սինեմա «Արաքս» կամ «Սեւան» մտնելու, բարձրացանք խճողուած հանրաշարժ մը, որ մեզ ֆութպոլի դաշտ հասցուց:

Մտածեցի` աւելի ուշ պիտի երթանք սինեմա: Մտանք դաշտ:

Այդքան բազմութիւն բնաւ տեսած չէի: Բոլորն ալ հայեր: Ամէն ոք զիրար կը ճանչնար, իրարու հետ բարձրաձայն կը խօսէր: Զարմանալի. յաճախ կը լսէի «Ուստա» բառը: Իսկ երբ նարնջագոյն տարազներով մարզիկները խաղադաշտ մտան, բազմութիւնը սկսաւ պոռալ.

– ՀՄԸՄ, ՀՄԸՄ…

Քեռիս մատովը ցոյց տուաւ մարզիկ մը եւ ըսաւ.

– Ան Ուստան է: Ամէնէն լաւ ֆութպոլիստը:

Նեղուեցայ, որ Ուստան շարժապատկերի կամ դերասանի մը անունը չէ, եւ մենք սինեմա պիտի չերթանք, իսկ այս Ուստա կոչուածը շատ ալ խնդացնողի չի նմանիր:

… Այո՛, խնդացնողի չէր նմաներ, բայց ուրախացուց, խանդավառեց բազմահազար հայեր` շուրջ քսան տարի ՀՄԸՄ-ի տարազը կրելով, բարձրանալով եւ բարձրացնելով: Մնաց հաւատարիմ իր խումբին, նոյնիսկ մերժելով եւրոպական ակումբէ առաջարկ մը:

Ֆութպոլիստի ասպարէզը լքելէ տասնամեակներ ետք, առաջին անգամ առիթ ունեցայ հետը ուղղակի հաղորդակցելու:

1990-ականներուն լիբանանեան կռիւները վերջ գտած էին, եւ ֆութպոլի ախոյեանութիւնը վերսկսած: ՀՄԸՄ բաւական լաւ խումբ մը ունէր, ընդհանուր խանդավառութեան մթնոլորտին նոյնպէս կը նպաստէր «Վանայ ձայն»-ը` դաշտերէն ուղղակի ձայնասփռելով ՀՄԸՄ-ի մրցումներուն մանրամասնութիւնները եւ նոյնպէս ներկայացնելով հին աստղերը` Ուստա, Աբօ, Ճոքի, Հրայր եւ այլն` անոնց հետ հարցազրոյցներով:

Ուստային հետ հարցազրոյցը ձայնագրեցինք Աբոյին վաճառատան մէջ, ուր պատին տեղադրուած թուղթի մը վրայ գրուած էր. «Հոս ֆութպոլ չենք խօսիր»:

Այդուհանդերձ` խօսեցանք:

Տխուր աչքեր ունէր, կորսնցուցած, անդարձ մեկնած փառքի մը ցա՞ւը կ՛ապրէր, ո՜վ գիտէ: Ուրախացաւ հարցազրոյցին համար: Ես գոհ մնացի, որ ինծի առիթ ընձեռուեցաւ յարգելու ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի հին աստուածներէն մէկը:

1950-ական, 1960-ական թուականներու ֆութպոլի մասնագէտներ եւ լրագրողներ ըստ արժանւոյն գնահատած են զինք, սակայն, իմ կարծիքովս, դիպուկ եւ լաւագոյն բնութագրումը  ընողը անոր պահապան հրեշտակը` ընկ. Վարդգէս Աղասարգիսեանն է, որ, վստահ եմ, բոլոր մրցումներուն ներկայ գտնուած է:

Երբ կիրակի մը մահազդը բերաւ «Վանայ ձայն», երիտասարդ պաշտօնեան, որ պասքեթպոլի սիրահար մըն է եւ բացարձակապէս ֆութպոլի հետ կապ չունի, չգիտցաւ, թէ ո՛վ է Լեւոն Ալթունեանը:

Ընկ. Վարդգէս նախ զարմացաւ, ապա ըսաւ.

– Ի՞նչ կ՛ըսես կոր, այն օրը, որ Ուստան չխաղար, մարդ չէր երթար դաշտ…:

 

 

 

Նախորդը

Ռուհանի Էրտողանի Կոչ Կ՛ուղղէ` Ղարաբաղեան Տագնապին Մէջ Բանակցային Հոլովոյթի Վերականգնման Աջակցելու

Յաջորդը

Քարին Վրայ

RelatedPosts

Լիովին Ու Ամբողջական Կեանք Մը Ապրած Անհատի Մը Համեստ, Բայց Միաժամանակ Հարուստ Վկայարանն Է Այս Հատորը*
Անդրադարձ

Լիովին Ու Ամբողջական Կեանք Մը Ապրած Անհատի Մը Համեստ, Բայց Միաժամանակ Հարուստ Վկայարանն Է Այս Հատորը*

September 25, 2026
Պիտի Պահե՛նք Այնճարը, Պիտի Պահե՛նք Մեզի Ժառանգուած Մեր Հողը, Պիտի Պահե՛նք Մեր Հայեցի Դիմագիծը*
Անդրադարձ

Պիտի Պահե՛նք Այնճարը, Պիտի Պահե՛նք Մեզի Ժառանգուած Մեր Հողը, Պիտի Պահե՛նք Մեր Հայեցի Դիմագիծը*

September 25, 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը`  Անցեալէն Դէպի Մերօրեայ Ապրումներ
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սեպտեմբեր 21-ը՝ Յիշատակի, Խոնարհումի Եւ Ազգային Ուխտի Օր

September 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.