
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ելեւմտական հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ելեւմտական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ 2012-ի պետական պիւտճէի նախագիծին վերաբերող հարցեր:
Պըրրիի այցելեց նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր` ընկերակցութեամբ սէյիտ Սատրէտտին Սատըրի, արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու ընդհանուր տնօրէն Հայսամ Ժումաայի եւ արդարութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Հասան Շամիի:
Հանդիպումին ընթացքին Մանսուր եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը խորհրդարանի նախագահին ներկայացուցին Լիպիա իրենց կատարած այցելութեան արդիւնքները եւ իմամ Մուսա Սատըրի ու անոր ընկերակիցներուն անհետացման հետաքննութիւնը շարունակելու իմաստով անոնց ունեցած տեսակցութիւններուն մանրամասնութիւնները:
Խորհրդարանի նախագահին այցելեց նախկին նախարար Ժան Օպէյտ, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախկին նախարար Ապտալլա Ֆարհաթ, որ Պըրրիի ներկայացուց Հարիսայի հանդիպումին մթնոլորտը` շեշտելով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին միջեւ տեղի ունենալիք հանդիպումին կարեւորութիւնը:


