Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աննախադէպ Բողոքի Ցոյցեր. Հայերը Փակեցին Եւրոպայի Միջպետական Ճամբաները` «Արցախը Հայաստան Է՛» Պաստառներ Բարձրացուցած

October 17, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպայի հայերը նախաձեռնած են աննախադէպ բողոքի ցոյցերու` ընդդէմ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարձակողապաշտութեան եւ յանուն Արցախի ճանաչումին: Անոնք փակած են Եւրոպայի միջպետական ճամբաները:

Հարիւրաւոր ցուցարար հայեր երկու ուղղութիւններով փակած են Ֆրանսա-Պելճիքա միջպետական ճամբան առաւօտեան կանուխ ժամերէն` Եւրոպայի ուշադրութիւնը Արցախի տագնապին վրայ սեւեռելու նպատակով: Ցոյցին մասնակցողները բարձրացուցած են պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էր «Արցախը Հայաստան է՛»:

Ճամբան 1 ժամ փակ պահելէ ետք շարժումին մասնակիցները յայտնած են, որ ինքնաշարժներով պիտի ուղղուին դէպի Եւրոպական խորհրդարան:

Զուգահեռաբար փակուած են նաեւ Ֆրանսա-Սպանիա, Պելճիքա-Նետերլանտներ, Ֆրանսա-Զուիցերիա, Նետերլանտներ-Գերմանիա, Լիւքսամպուրկ-Պելճիքա-Ֆրանսա, Ֆրանսա-Իտալիա, Գերմանիա-Դանիա միջպետական ճամբաները:

Գերմանիայի Համպուրկ քաղաքի հայերը փակած են նաւահանգիստ տանող ճամբան` ի նշան բողոքի ընդդէմ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարձակումին եւ յանուն Արցախի ճանաչման: Անոնք ուզած են միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել Արցախի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն վրայ:

Անոնք հանդէս եկած են «Դադրեցուցէ՛ք ցեղասպանութիւնը»,  «Դադրեցուցէ՛ք ահաբեկչութիւնը», «Էրտողան` ահաբեկիչ», «Ալիեւ` ահաբեկիչ», «Արցախը Հայաստան է», «Մենք խաղաղութիւն կ՛ուզենք» եւ այլ գերմաներէն ու հայերէն վանկարկումներով:

Միացեալ Նահանգներ բնակող հազարաւոր հայեր եւ օտարներ, որոնք կը սատարեն հայ ժողովուրդին, 15 հոկտեմբերին բողոքի ցոյց կազմակերպած են Ուաշինկթընի մէջ` Քոնկրեսի շէնքին դիմաց, եւ դատապարտած են Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ Արցախի եւ Հայաստանի դէմ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւնները:

ՄԱԿ-ի  հայաստանեան գրասենեակին մօտ խումբ մը քաղաքացիներ բողոքի ցոյց կազմակերպեցին` պահանջելով անտարբեր չըլլալ  Արցախի մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն նկատմամբ ու յստակ քայլերու ձեռնարկել Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծած յարձակումը դադրեցնելու ուղղութեամբ:

Նախորդը

Դոկտ. Յարութիւն Սամուէլեան Յետմահու Ստացաւ Լիբանանի «Արժանեաց» Եւ «Կիլիկեան Ասպետ»-ի Շքանշաններ

Յաջորդը

Յունաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Յարգանքի Տուրք Մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին Եւ Իր Համերաշխութիւնը Յայտնեց Հայ Ժողովուրդին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.