Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԽՕՍԷ՛ ԻՆԾԻ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻԻ ՄԱՍԻՆ» (ՀԵՂԻՆԱԿ` ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ծ. ՎՐԴ. ԿՌԱՆԵԱՆ)

January 20, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

2011-ին Պէյրութի մէջ «Փոմիկրաւիւր» տպարանէն լոյս տեսաւ հայր Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանի «Խօսէ՛ ինծի հայ եկեղեցիի մասին» խորագրեալ  հատորը, որ կը բաղկանայ 288 էջերէ եւ կը բովանդակէ 21 գլուխներ եւ վերջաբան մը:

Հայր Անդրանիկ Կռանեան իր նախնական ուսումը ստացած է Պէյրութի Յիսուսեան հայրերու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանէն: Նուիրուելով հոգեւորական կեանքի` յաճախած է Զմմառու դպրեվանքը,  եւ, ապա, մտած` Հռոմի Լեւոնեան հայ դպրոցը եւ Յիսուսեան հայրերու Գրիգորեան միջազգային համալսարանը:

1954-ին ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ` դառնալով անդամ Զմմառու պատրիարքական միաբանութեան:

1973-էն ի վեր կը խմբագրէ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «Մասիս» շաբաթաթերթը, իսկ 1990-էն  ի վեր կը վարէ խմբագրութիւնը Հայկազեան համալսարանի «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ին:

Դասաւանդած է գրաբար, հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն, հայ սիսագիտութիւն եւ հայ մատենագրութեան վերաբերեալ այլ նիւթեր` Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի եւ  Քասլիքի մարոնի Անտոնեան հայրերուն համալսարանին մէջ:

Հրատարակած է հայերէնէ հայերէն բառարաններ, գրաբարի դասագիրք եւ «Լուսարձակդ բա՛ց վրաս» խորագրեալ հոգեւոր խորհրդածութիւններու գիրքը: Լոյս ընծայած է «Անապահով օրեր» հատորը, «Հայ սիսական պաշտամունք» խորագրեալ ուսումնասիրութիւնը եւ «Խոկամ» գրքոյկը:

Իր յառաջաբանին մէջ հայր Անդրանիկ Կռանեան կ՛ըսէ, թէ Հայ եկեղեցիին պատմութիւնը կը յատկանշուի ուրախ եւ տխուր  դրուագներով: Սակայն Հայ եկեղեցին ունի բազմաթիւ առիթներ հպարտանալու, ո՛չ միայն այն պատճառով, որ ծնունդ տուած է տաղանդաւոր դէմքերու, այլ նաեւ այն իրողութեամբ, որ իր հաւատացեալները անսակարկ նուիրումով զոհաբերած են իրենց կեանքը քրիստոնէութեան սիրոյն:

Սոյն հատորին նպատակն է, կ՛ըսէ հայր Կռանեան, էապէս ճանչնալ Հայ եկեղեցին, ըմբռնել անոր սրբազան աւանդութիւնները եւ, մանաւանդ, քննարկել այն թիւրիմացութիւնները, որոնք անցեալին պատճառ հանդիսացան մեր եկեղեցական բաժանումին:

Արդարեւ, այս առաջադրանքը կենսաւորելու դիտաւորութեամբ, հայր Անդրանիկ Կռանեան համապարփակ կերպով կը ծանօթագրէ Հայ եկեղեցիի պատմութիւնը: Հաստատելէ ետք, թէ իւրաքանչիւր եկեղեցի հիմնուած է կրօնի վրայ, ան կը բացատրէ, թէ ի՛նչ է կրօնը, ի՛նչ պայմաններու տակ ծնունդ առած է եւ ի՛նչ հարցականներ կը յարուցանէ: Այս հարցումներուն կը պատասխանէ ներկայացնելով կրօնագիտութեան հետ առնչուած հետեւեալ տեսութիւնները, որոնք կը կոչուին բնապաշտութիւն, ոգեպաշտութիւն, եւ դրապաշտութիւն: Կու տայ ստուգաբանութիւնը դիցաբանութիւն բառին` բացայայտելով բնոյթը հայ դիցաբանութեան: Կը նկարագրէ հայոց հեթանոսական կրօնը եւ այն քաղաքները, ուր կը գտնուէին հայկական մեհեանները: Կը դրուատէ արժանիքը քրիստոնէական կրօնին: Կու տայ իմաստը եկեղեցի բառին` նշելով յատկանիշները Քրիստոսի եկեղեցիին:

Կ՛ըսէ, թէ Յիսուսի յարութենէն ետք, քրիստոնէութիւնը տարածուեցաւ երկրէ երկիր, որուն դէմ շղթայազերծուեցան սաստիկ հալածանքներ, յատկապէս` Հռոմի մէջ: Այս հալածանքները տեւեցին երեք դար եւ վերջ գտան 313-ին, երբ Կոստանդիանոս կայսրը ազատ կրօն հռչակեց քրիստոնէութիւնը:

Այս շրջանին  եկեղեցին շարունակեց իր առաքելութիւնը` տիեզերական ժողովներու միջոցով հերքելով Քրիստոսի աստուածութիւնը ուրացող երեք հերետիկոսներուն` Արիոսի, Նեստորի ու Եւդիքէսի փիլիսոփայական տեսութիւնները:

Հայր Անդրանիկ Կռանեան կը յայտնէ նաեւ, թէ ինչպէ՛ս քրիստոնէութիւնը մուտք գործեց Հայաստան` Թադէոս եւ Բարթողիմէոս առաքեալներուն միջոցով:

Կը ներկայացնէ Լուսաւորչեան շրջանը, Հռիփսիմեանց կոյսերու նահատակութիւնը եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը, որ 13 տարի Խոր Վիրապի մէջ բանտարկուելէ ետք կու գայ արքունիք, ուր կը բժշկէ Տրդատը հոգեպէս եւ մարմնապէս:

Պէտք է ըսել, որ հայր Անդրանիկ Կռանեան կու տայ պատմական անհրաժեշտ ծանօթութիւններ Հայ եկեղեցիի մասին` Լուսաւորչի օրերէն մինչեւ ներկայ ժամանակաշրջանը: Իր պատմագրական աշխատանքին մաս կը կազմեն Քաղկեդոնի ժողովը, Հայ եկեղեցւոյ հայրապետները, հայկական Կիլիկիան, Կիլիկիոյ շրջանի հայրապետները եւ Ազգային սահմանադրութիւնը: Ապա կ՛ըսէ, թէ Կիլիկիոյ հայ թագաւորութեան անկումէն ետք վերջ կը գտնեն թէ՛ հայկական պետականութիւնը եւ թէ՛ կրօնական ազատութիւնը:

Անդրադառնալով հայ համայնքային դրութեան հարցին` հայր Անդրանիկ Կռանեան կ՛ըսէ, թէ սուլթանական օրէնքը իւրաքանչիւր կրօնի համար կը ճանչնար մէկ համայնք միայն: Հետեւաբար սոյն օրէնքը կը պարտադրէր հայ կաթողիկէ եւ հայ աւետարանական հայերուն, որ հնազանդին առաքելական եկեղեցւոյ միակ հոգեւոր իշխանութեան կամ պատրիարքին եւ յաճախեն հայ եկեղեցին: Սակայն, հետագային, շնորհիւ օտար պետութիւններու բարոյական զօրակցութեան, կազմուեցան հայ կաթողիկէ եւ հայ աւետարանական համայնքները:

Արդարեւ, «Խօսէ՛ ինծի Հայ եկեղեցիի մասին» խորագրեալ հատորին հետաքրքրական բաժինը կը հանդիսանայ «Հարցադրումներ» խորագրով 21-րդ գլուխը, ուր հայր Անդրանիկ Կռանեան կը ցանկայ, որ ջնջուին հայ առաքելական եւ հայ կաթողիկէ համայնքներու միջեւ բաժանման պատճառ դարձած տարակարծութիւնները եւ, այս կապակցութեամբ, կը կատարէ կարգ մը բնորոշ առաջադրանքներ:

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Դեկտեմբեր 2011
Պէյրութ

Նախորդը

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԴէՄ ՅԵՂԱՇՐՋՈՒՄ` ՆԵՐՍԷՆ

Յաջորդը

ՄԱՐԱՇԻ ԱՂԷՏԻ 92-ԱՄԵԱԿ. ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԾ-ՄԵԾ ՀՕՐՍ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆՑ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.