Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Միջազգային Ընտանիքին Կոչ Կ՛ընէ` Ճանչնալու Արցախի Անկախութիւնը

October 8, 2020
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Արցախ-Ազրպէյճան շփման գիծին վրայ արձանագրուած վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ նամակներ յղեց Լիբանանի մէջ դեսպաններուն այն երկիրներուն, որոնք անդամ են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին:

Մարմինը իր նամակին մէջ բուռն կերպով քննադատեց 27 սեպտեմբերին Ազրպէյճանի` Թուրքիոյ աջակցութեամբ ու Սուրիայէն եւ Լիպիայէն վարձկան ահաբեկիչներու մասնակցութեամբ շղթայազերծած յարձակումը, որուն ընթացքին թեւաւոր հրթիռներով թիրախ դարձուց Ստեփանակերտի, Շուշիի եւ այլ քաղաքներու բնակիչները:

Հայ դատի մարմինը ողջունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եւ միջազգային ընտանիքի անմիջական զինադադար հաստատելու եւ լարուածութիւնը մեղմացնելու ջանքերը, սակայն նշեց, որ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահները այդ ջանքերուն պատասխանած են ռազմատենչ յայտարարութիւններով` այդպիսով մերժելով տագնապներու խաղաղ լուծման սկզբունքը: «Միջազգային ընտանիքը պէտք է աւելի վճռական եւ խիստ կեցուածք որդեգրէ Ազրպէյճան¬Թուրքիա¬ահաբեկչական վարձկաններ եռանդամ դաշինքին դէմ», նշեց մարմինը:

Հայ դատի մարինը յայտնեց, որ 1994-ին Հայաստանի, Արցախի Հանրապետութեան ու Ազրպէյճանի կողմէ ստորագրուած զինադուլի եռակողմ համաձայնագիրին ստորագրումէն ի վեր ազրպէյճանական կողմը շարունակ խախտած է զայն, եւ մինչեւ հիմա ատոր մեծագոյն օրինակը 2016-ի քառօրեայ պատերազմն էր: «Եթէ միջազգային ընտանիքը յարձակումի հեղինակ Ազրպէյճանը զսպած ըլլար, այսօր անմեղ կեանքերու կորուստներ պիտի չարձանագրուէին: Պատասխանատու մարմիններուն կոչ կ՛ուղղենք մտահոգութիւն արտայայտելէ անդին երթալու եւ կասեցնելու Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւի եւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի յարձակումը», նշուած է նամակին մէջ:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը իր նամակին մէջ ընդգծեց. «Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ լուծումը այլընտրանք չունի: Աւելի՛ն, այս հնադարեան շրջանը հայկական պատմական հող է եւ երբեք ալ մաս չէ կազմած Ազրպէյճանի Հանրապետութեան, որ 1918-ին ստեղծուած է. պատմական իրողութիւն մը, որ կու գայ ընդգծելու, թէ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը` միջազգային օրէնքի կարեւորագոյն սիւնը, այս տագնապի լուծման համար գերակայ սկզբունք մըն է եւ իբրեւ այդպիսին կարելի չէ զայն անտեսել»:

«Պաքուի` Ազրպէյճան¬Լեռնային Ղարաբաղ տագնապը բացառապէս խաղաղ միջոցներով լուծելու մերժումին լոյսին տակ, Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը պիտի նկատուի միջազգային ընտանիքին հաւաքական նպաստը շրջանային խաղաղութեան ու անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ պայմաններ պիտի ստեղծէ մնացեալ հարցերը բանակցութիւններու ճամբով լուծելու համար: Ուստի, միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղենք երաշխաւորելու Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման աներկբայելի իրաւունքը եւ ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը», եզրափակեց ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը:

 

Նախորդը

Հերիխ Մխիթարեանի Բաց Նամակը՝ Փութինի, Թրամփի Եւ Մաքրոնի

Յաջորդը

Ֆայսալ Տաուտ Կը Պահանջէ Պատերազմի Դադրեցումն Ու Խաղաղ Լուծման Հաստատումը

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.