Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշելով, Որ Իրան Իր Սահմաններուն Վրայ Բախումները Պիտի Չհանդուրժէ. «Իրան Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Մանրամասն Ծրագիր Մշակած Է» Կ՛ըսէ Խաթիպզատէ

October 6, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թեհրան յայտարարեց, որ պատրաստած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տագնապի լուծման համար մանրամասն ծրագիր մը, եւ պատրաստ է զայն քննարկելու երկու կողմերուն հետ:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ Ազրպէյճանին եւ Հայաստանին կոչ ուղղեց զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելու եւ քաղաքայինները թիրախաւորելէ ետ կանգնելու:

«Իրան մօտէն կը հետեւի իր արեւմտեան սահմանին վրայ դէպքերու զարգացումներուն», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Թեհրան կապի մէջ է տագնապի երկու կողմերուն հետ եւ պատրաստ է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման օժանդակելու»:

Խաթիպզատէ նշեց, որ իր երկիրը «Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տագնապը լուծելու մանրամասն ծրագիր մը մշակած է եւ պատրաստ է զայն քննարկելու տագնապի երկու կողմերուն հետ»` յոյս յայտնելով, որ երկու կողմերը շուտափոյթ զինադադար կը հաստատեն:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնեց, որ Իրան Ազրպէյճանին եւ Հայաստանին կոչ կ՛ուղղէ` յարգելու քաղաքայիններուն իրաւունքները եւ զանոնք զերծ կացուցելու պատերազմի աղէտներէն, եւ «գիտակցին, թէ Իրան իր սահմաններուն վրայ բախումները պիտի չհանդուրժէ: Երկու երկիրներուն մէջ մեր բարեկամներուն յայտնեցինք, որ զգուշ ըլլան»:

Ան յայտնեց, որ Թեհրան ջանացած է հաղորդակցութեան մէջ ըլլալ Պաքուի եւ Երեւանի հետ` աւելցնելով. «Թեհրան երկու կողմերէն նոյն հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի` մեկնելով իր ծանօթ քաղաքականութենէն»:

Խաթիպզատէ ըսաւ, որ իր երկիրը «կապի մէջ է շրջանային դերակատարներուն հետ, եւ այդ ջանքերուն կողքին պատրաստեց ծրագիր մը, որ կը յուսայ, թէ կը նպաստէ այս պատերազմին կարելի եղածին չափ շուտ դադրեցման, Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան պահպանման, զինուորական ուժերու դուրս բերման, բանակցութիւններու եւ երկխօսութեան սկսման»:

 

Նախորդը

Կրակոցը Դադրեցնելով Բանակցութեան Սեղանի Շուրջ Նստելու Կոչ Ուղղելով` «Այս Տագնապը Կը Պարունակէ Բազմաթիւ Վտանգներ, Ներառեալ Ուժանիւթային» Կ՛ըսէ ՕԹԱՆ- Ընդհանուր Քարտուղարը

Յաջորդը

Լը Տրիան. «Ֆրանսան Կը Լարէ Ջանքերը Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Զինադադարի Դրութեան Հասնելու Եւ Բանակցութիւններու Վերսկսման Համար»

RelatedPosts

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու  Վերահսկողութեան Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու Վերահսկողութեան Տակ

November 5, 2026
Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն  Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն  Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»

November 5, 2026
Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ  Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք  Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»
Միջազգային

Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.