Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իմատ Մրատ. «Թուրքիա Կը Փորձէ Վերակենդանացնել Օսմանեան Տիրապետութիւնը Ասիոյ, Ափրիկէի, Եւրոպայի Եւ Միջին Ասիոյ Մէջ»

October 6, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի վերանորոգ գոյամարտի շարունակուող իրադարձութիւնները առանցքը կը կազմեն տեղական թէ արտաքին լրատուական միջոցներու հաղորդումներուն եւ մեկնաբանութեանց: Այս ծիրին մէջ լիբանանեան «Էմ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանի շաբաթական հերթականութեամբ պատկերասփռուող «Աւանդ եւ մշակոյթ» խորագրեալ յայտագիրի ընթացքին լիբանանեան համալսարանի դասախօս, պատմաբան դոկտ. Իմատ Մրատ հաղորդավարի հարցումներուն պատասխանելով ըսաւ. «Թուրքիա կը փորձէ վերակենդանացնել Օսմանեան կայսրութեան «փառքի» պատկերը Ասիոյ, Ափրիկէի, Եւրոպայի եւ Միջին Ասիոյ մէջ»:

Յատուկ Արցախի իրադարձութիւններուն յատկացուած նշեալ յայտագիրին ընթացքին Մրատ պատմական ակնարկով ներկայացնելէ ետք Արցախի Հանրապետութիւնը եւ անդրադառնալով թուրք-ազրպէյճանական այն վարկածին, թէ` «Լեռնային Ղարաբաղ Ազրպէյճանի մաս կը կազմէ, իսկ Հայաստան շինծու, արուեստական պետութիւն է, որ հաստատուած է արգելակելու համար Թուրքիա-Ազրպէյճան աշխարհագրական տարածքային միացումը»` ընդգծեց. «Արցախի գոյութիւնը հազարամեակներու կեանք ունի, մինչ Ազրպէյճան 1918-ին հաստատուած պետութիւն մըն է»:

Այս առիթով Մրատ բարձր գնահատեց հայութեան թողած քաղաքակրթական դրոշմը` մշակութային, տնտեսական ու շինարարական ներդրումին առումով  Օսմանեան կայսրութեան մէջ Կ. Պոլսոյ գրաւումէն ետք (1453-ին), ինչ որ հայերուն նկատմամբ խոր ատելութիւն սերմանած էր թուրքերուն մօտ: Արցախի եւ Ազրպէյճանի միջեւ անհաւասար ուժերու բաղդատական մը ընելով` Մրատ դիտել տուաւ, որ Արցախը կը հաշուէ 150 հազար անձ, 95 առ հարիւր հայ բնակչութեամբ, մինչ Ազրպէյճան իր ութ միլիոն բնակչութեամբ տեղի տուաւ եւ պարտուեցաւ 1988-1994 երկարած պատերազմին եւ աւելի ուշ` 2016-ին եւ վերջերս` յուլիսեան դէպքերուն, հասնելով ներկայի բախումներուն:

Ան քննադատեց Խորհրդային Միութեան նախկին ղեկավարներէն Ստալինի «բաժնէ որ տիրես»-ի քաղաքականութիւնը, ըստ որուն, Ստալին իբրեւ ազգային հարցերու նախարար փոքրաթիւ ազգերը զետեղած էր աւելի մեծ երկիրներու մէջ` խեղդելու համար հաւանական անջատումի որեւէ փորձ: Հոսկէ` Ստալինի կողմէ 1923-ին Արցախի շնորհումը Ազրպէյճանին:

Ան շեշտեց արցախահայութեան` իր հողին կառչած մնալու եւ զայն մահուան գնով պաշտպանելու վճռակամութիւնը: «Մանաւանդ Արցախի հայերը աւելի բուռն են իրենց հողի պաշտպանութեան գծով», շեշտեց Մրատ: Ան կարեւոր նկատեց նաեւ Արցախի աշխարհաքաղաքական-ռազմավարական դիրքը, որ թիրախ դարձած է մերձակայ երկիրներու ախորժակներուն: Ան բացայայտեց Իսրայէլի հետ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի գաղտնի սպասարկութեանց քաղաքական-զինուորական սերտ կապերը, որոնց հիմամբ փոխադարձ զինուորական խարիսխներ կան այդ երկիրներուն մէջ:

Քննադատելով Թուրքիոյ ծաւալապաշտ ոտնձգութիւնները` պատմաբան Իմատ Մրատ յայտնեց, որ Թուրքիա կը փորձէ վերականգնել օսմանեան երբեմնի «փառքի» շրջանը եւ իր անհատական դիմագիծը յաչս արաբական ու իսլամական աշխարհին` իբրեւ օրինակ նշելով թրքական ոտնձգութիւնները Լիպիոյ, Սուրիոյ, Կազայի եւ Արցախի մէջ Թուրքիոյ միջամտութիւնները: Ան հեգնանքով հարց տուաւ թէ ինչո՞ւ Էրտողան կառուցել տուած է 1200 սենեակներ ընդգրկող անձնական պալատ մը: Ան նաեւ նշեց Լիբանանի մէջ թրքական գաղտնի սպասարկութեանց քուլիսային աշխուժ գործունէութիւնը:

«Էրտողան յաճախ կը յայտարարէ, թէ կ՛ուզէ դառնալ Ասիոյ, Ափրիկէի, Եւրոպայի եւ Միջին Ասիոյ ղեկավարը», դիտել տուաւ Մրատ` նշելով Արցախի գոյամարտին գծով  թրքական գործօնի յետին սադրանքներն ու հեռանկարները: Ան ընդգծեց Արցախի մէջ հայութեան յաղթական դուրս գալու կարեւորութիւնը` նշելով, որ Արցախ նոյնիսկ պաշտօնապէս ճանչցուած չէ Հայաստանի կողմէ, սակայն շնորհիւ իր բնակչութեան պայքարելու վճռակամութեան եւ համահայկական զօրակցութեան, կրնայ դիմադրել ու տոկալ մինչեւ խաղաղութեան բանակցութիւններու դասաւորումը:

Ամերիկեան ու առհասարակ շրջանի մեծ պետութեանց դերակատարութեան անդրադառնալով` Մրատ յայտնեց, որ «անոնք Արցախը կը նկատեն Իրանի յետին դարպասը եւ կը նախընտրեն Ազրպէյճանի յաղթանակը` պաշարելու համար Իրանը»:

Նախորդը

Լիբանանցի Քաղաքական Գործիչները Կը Շարունակեն Իրենց Զօրակցական Կեցուածքները Հայաստանի Եւ Արցախի Նկատմամբ

Յաջորդը

«Կովկասեան Ու Միջերկրականեան Շրջաններուն Մէջ Լարուածութեան Ուժեղացման Մէջ Թուրքիոյ Խաղացած Դերը Վատ Աւարտ Պիտի Ունենայ Անգարայի Համար» Կ՛ըսէ Ապուլ Ղէյթ

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 10, 2026
Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.