Արցախի վերանորոգ գոյամարտի շարունակուող իրադարձութիւնները առանցքը կը կազմեն տեղական թէ արտաքին լրատուական միջոցներու հաղորդումներուն եւ մեկնաբանութեանց: Այս ծիրին մէջ լիբանանեան «Էմ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանի շաբաթական հերթականութեամբ պատկերասփռուող «Աւանդ եւ մշակոյթ» խորագրեալ յայտագիրի ընթացքին լիբանանեան համալսարանի դասախօս, պատմաբան դոկտ. Իմատ Մրատ հաղորդավարի հարցումներուն պատասխանելով ըսաւ. «Թուրքիա կը փորձէ վերակենդանացնել Օսմանեան կայսրութեան «փառքի» պատկերը Ասիոյ, Ափրիկէի, Եւրոպայի եւ Միջին Ասիոյ մէջ»:
Յատուկ Արցախի իրադարձութիւններուն յատկացուած նշեալ յայտագիրին ընթացքին Մրատ պատմական ակնարկով ներկայացնելէ ետք Արցախի Հանրապետութիւնը եւ անդրադառնալով թուրք-ազրպէյճանական այն վարկածին, թէ` «Լեռնային Ղարաբաղ Ազրպէյճանի մաս կը կազմէ, իսկ Հայաստան շինծու, արուեստական պետութիւն է, որ հաստատուած է արգելակելու համար Թուրքիա-Ազրպէյճան աշխարհագրական տարածքային միացումը»` ընդգծեց. «Արցախի գոյութիւնը հազարամեակներու կեանք ունի, մինչ Ազրպէյճան 1918-ին հաստատուած պետութիւն մըն է»:
Այս առիթով Մրատ բարձր գնահատեց հայութեան թողած քաղաքակրթական դրոշմը` մշակութային, տնտեսական ու շինարարական ներդրումին առումով Օսմանեան կայսրութեան մէջ Կ. Պոլսոյ գրաւումէն ետք (1453-ին), ինչ որ հայերուն նկատմամբ խոր ատելութիւն սերմանած էր թուրքերուն մօտ: Արցախի եւ Ազրպէյճանի միջեւ անհաւասար ուժերու բաղդատական մը ընելով` Մրատ դիտել տուաւ, որ Արցախը կը հաշուէ 150 հազար անձ, 95 առ հարիւր հայ բնակչութեամբ, մինչ Ազրպէյճան իր ութ միլիոն բնակչութեամբ տեղի տուաւ եւ պարտուեցաւ 1988-1994 երկարած պատերազմին եւ աւելի ուշ` 2016-ին եւ վերջերս` յուլիսեան դէպքերուն, հասնելով ներկայի բախումներուն:
Ան քննադատեց Խորհրդային Միութեան նախկին ղեկավարներէն Ստալինի «բաժնէ որ տիրես»-ի քաղաքականութիւնը, ըստ որուն, Ստալին իբրեւ ազգային հարցերու նախարար փոքրաթիւ ազգերը զետեղած էր աւելի մեծ երկիրներու մէջ` խեղդելու համար հաւանական անջատումի որեւէ փորձ: Հոսկէ` Ստալինի կողմէ 1923-ին Արցախի շնորհումը Ազրպէյճանին:
Ան շեշտեց արցախահայութեան` իր հողին կառչած մնալու եւ զայն մահուան գնով պաշտպանելու վճռակամութիւնը: «Մանաւանդ Արցախի հայերը աւելի բուռն են իրենց հողի պաշտպանութեան գծով», շեշտեց Մրատ: Ան կարեւոր նկատեց նաեւ Արցախի աշխարհաքաղաքական-ռազմավարական դիրքը, որ թիրախ դարձած է մերձակայ երկիրներու ախորժակներուն: Ան բացայայտեց Իսրայէլի հետ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի գաղտնի սպասարկութեանց քաղաքական-զինուորական սերտ կապերը, որոնց հիմամբ փոխադարձ զինուորական խարիսխներ կան այդ երկիրներուն մէջ:
Քննադատելով Թուրքիոյ ծաւալապաշտ ոտնձգութիւնները` պատմաբան Իմատ Մրատ յայտնեց, որ Թուրքիա կը փորձէ վերականգնել օսմանեան երբեմնի «փառքի» շրջանը եւ իր անհատական դիմագիծը յաչս արաբական ու իսլամական աշխարհին` իբրեւ օրինակ նշելով թրքական ոտնձգութիւնները Լիպիոյ, Սուրիոյ, Կազայի եւ Արցախի մէջ Թուրքիոյ միջամտութիւնները: Ան հեգնանքով հարց տուաւ թէ ինչո՞ւ Էրտողան կառուցել տուած է 1200 սենեակներ ընդգրկող անձնական պալատ մը: Ան նաեւ նշեց Լիբանանի մէջ թրքական գաղտնի սպասարկութեանց քուլիսային աշխուժ գործունէութիւնը:
«Էրտողան յաճախ կը յայտարարէ, թէ կ՛ուզէ դառնալ Ասիոյ, Ափրիկէի, Եւրոպայի եւ Միջին Ասիոյ ղեկավարը», դիտել տուաւ Մրատ` նշելով Արցախի գոյամարտին գծով թրքական գործօնի յետին սադրանքներն ու հեռանկարները: Ան ընդգծեց Արցախի մէջ հայութեան յաղթական դուրս գալու կարեւորութիւնը` նշելով, որ Արցախ նոյնիսկ պաշտօնապէս ճանչցուած չէ Հայաստանի կողմէ, սակայն շնորհիւ իր բնակչութեան պայքարելու վճռակամութեան եւ համահայկական զօրակցութեան, կրնայ դիմադրել ու տոկալ մինչեւ խաղաղութեան բանակցութիւններու դասաւորումը:
Ամերիկեան ու առհասարակ շրջանի մեծ պետութեանց դերակատարութեան անդրադառնալով` Մրատ յայտնեց, որ «անոնք Արցախը կը նկատեն Իրանի յետին դարպասը եւ կը նախընտրեն Ազրպէյճանի յաղթանակը` պաշարելու համար Իրանը»: