Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռեչէփ Էրտողան Լուռ Մարտավարութեամբ Կ’ականէ Լիբանանը

September 28, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐՔ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

Մոլեռանդը ճարտասան մըն է,  կուժի մը նման խուլ:

Ժըպրան Խալիլ Ժըպրան,
Լիբանանցի բանաստեղծ

 

Լիբանանի դժուարութիւններու ցանցին մէջ, Ռեչէփ Էրտողան, առանց բրտութեան, առաջ կը տանի իր տիրակալական խաղը: Թուրքիա Լիպիոյ եւ Սուրիոյ մէջ զինուորական ներկայութիւն է: Լիբանանը հակակշռելու համար, փոխան զէնքի եւ զինուորի, ան կը ներկայանայ բարեսէրի թաւշեայ ձեռնոցներով: Միշտ շահագործելով կրօնական ազդակը, համայնքներու խճանկար Լիբանանի մէջ, Էրտողանի յատուկ ուշադրութեան առարկայ է իսլամ սիւննի համայնքը: Լիբանանի Սայտա քաղաքին մէջ, Թուրքիոյ յատկացումներով կառուցուած է հիւանդանոց մը: Ի հարկէ, ոչ ոք կրնայ դատապարտել նման բարեսիրութիւն: Բայց երբ բարեսէրը Էրտողանն է, պէտք է երկու անգամ մտածել:

Ինչո՞ւ այդ բարեսիրութիւնը ընելու ցանկութիւն ունեցած է Լիբանանի տագնապալի օրերուն:

Լիբանանի հանդէպ Էրտողանի հետաքրքրութիւնը բարեսիրութեամբ չ’աւարտիր: Լիբանանեան խճանկարը բարդ է: Երկրի կեանքին մէջ ընդունուած դերակատար տասնեակ մը գլխաւոր համայնքներէն զատ, կան բազմաթիւ փոքրեր: Փոքրաթիւ են թիւրքմէնները եւ Անգարայի յատուկ ուշադրութեան առարկայ: Սուրիոյ մէջ անոնք կարեւոր թիւով համայնք են, եւ Թուրքիա, միշտ օգտագործելով կրօնական ազդակը եւ մոլեռանդութիւնը, զանոնք հաւաքագրած է եւ դարձուցած զինեալ ջոկատներ, որոնք ներկայ են Սուրիոյ հիւսիսը, Իտլիպի մէջ, որպէս կռուող ուժ քիւրտերուն դէմ: Լիբանանի փոքրաթիւ թիւրքմէններուն Անգարա անմիջապէս հպատակութիւն կու տայ, երբ անոնք դիմում ներկայացնեն: Արդէն շուրջ տասը հազար թիւրքմէններ ստացած են թրքական քաղաքացիութիւն:

Թրքական այս խուլ թափանցումը անմեղ չէ: Ան կը միտի ցեղասպանութենէ ճողոպրածներու հայ սերունդներու քաղաքական-քարոզչական գործունէութիւնը չեզոքացնելու: Փաստ է, որ հայկական ցոյցերուն դէմ կ’ելլեն թրքական դրօշներով հակացուցարարներ, որոնք չեն վարանիր սպառնալիքներով հանդէս գալ: Թրքական կազմակերպուած հակահայկական սպառնական աշխատանքներ են ասոնք, քիչ մը ամէն տեղ, ինչպէս Լիբանան, Ֆրանսա (Փարիզ եւ Լիոն), Սան Ֆրանսիսքօ…

Անգարայի քաղաքականութիւնը հեռանկարային է, առանց ուշադրութիւն հրաւիրող նախաձեռնութիւններու եւ յայտարարութիւններու: Ինչպէս կ’ըսեն, դիւանագիտական դիմակի ետին կանգնած, Թուրքիա պղտոր ջուրի մէջ լայն եւ բազմերես տարածումով ձկնորսութիւն կ’ընէ:  Սիւննի ուսանողներուն կրթաթոշակներ կը տրուին, ապագան պատրաստելու համար, Լիբանանի մէջ հաւատարիմ եւ երախտապարտ համակիրներ ունենալու համար:

Միաժամանակ, Էրտողան կը փորձէ Լիբանանէն հեռացնել ուրիշ երկիրները: Այսպէս, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ 4 օգոստոսին տեղի ունեցած պայթումէն վերջ, բուռն կերպով քննադատած էր Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի այցելութիւնը, այն ամբաստանութեամբ, որ ան կ’ուզէ նոր ձեւով վերահաստատել անցեալի գաղութարարութիւնը:

Էրտողան ուրիշներու կ’ըսէ, թէ իրենց պատմութիւնը չեն գիտեր: Օսմանի կայսրութիւնը վերականգնելու փառասիրութիւնը հետապնդող Էրտողան մոռցա՞ծ է, որ բազմաթիւ այլ երկիրներու եւ ժողովուրդներու պէս, Լիբանանն ալ սուլթանի տիրապետութեան տակ էր, Լիբանանի մէջ մարդիկ սովի մատնուած էին, կախաղան բարձրացուած: Հիւանդանոց կառուցելով կը կարծէ՞ մարդոց յիշողութենէն ջնջել պատմութիւնը:

Էրտողանի ծաւալապաշտութեան պատկերը աչքի առջեւ պէտք է ունենալ:

Ան զինուորական ներկայութիւն է Լիպիոյ մէջ, իր բանակով եւ վարձկան զինեալներու խումբերով, այլեւս անթաքոյց կերպով գրաւած է Սուրիոյ հիւսիսի Իտլիպի շրջանը, ճզմելու համար քիւրտ ազատամարտիկները, Քաթարի եւ Սոմալիի մէջ կը պահէ ռազմակայաններ, կը փորձէ զինու զօրութեամբ տէր ըլլալ Կիպրոսի ծովային տարածքի ուժանիւթի հարստութիւններուն:

Էրտողանի փառասիրութեան դաշտը ընդարձակ է: Նաեւ՝ Կովկասը: Անվարան կը յատարարուի, որ Թուրքիա եւ Ազրպէյճան մէկ ազգ են, բայց երկու պետութիւն: Միացեալ ռազմափորձերէ ետք, ոչ պատահական կերպով, Ազրպէյճան նախայարձակում գործեց Արցախի հայկական հանրապետութեան դէմ:

Էրտողանի բարեսիրութիւնները Լիբանանի հանդէպ անմեղ չեն կրնար ըլլալ: Ի հարկէ, կը միտին, ինչպէս ըսի, հայկական քարոզչութիւնը խափանելու, բայց նաեւ ստեղծելու իր նոր-օսմանական քարտէսը:

Եթէ այսքան բան մենք գիտենք, գիտեն նաեւ արդարութեան, աշխարհի հաւասարակշռութեան եւ խաղաղութեան կոչուած իրաւարարները, անոնք ըլլան ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդը, Եւրոմիութիւնը, Միացեալ Նահանգները, Ռուսիան, Չինաստանը, թէ ուրիշներ:

Բոլորի այսօրուան հանդուրժողութիւնը եւ լռութիւնը մեղսակցութիւն է վաղուան աղէտին:

Իսկ վաղուան աղէտը անխուսափելի է, եթէ չսրբագրուին անցեալի ծանրակշիռ սխալները եւ անարդարութիւնները:

Մարդկութիւնը իրատեսութիւն եւ քաջութիւն կ’ունենա՞յ սրբագրելու եւ սրբագրուելու:

Catharsis ընելու: Ինքնամաքրուելու:

Այս ցանկութիւնը ցնո՞րք է, թէ աղէտներու հանխարգիլման ուղի:

Պամութիւնը պիտի ըսէ եւ դատէ:

Մինչ այդ, լիբանանցի մեծ բանաստեղծ Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի խօսքով պէտք է դիտենք եւ դատենք ներկան, այն, որ՝

Մոլեռանդը ճարտասան մըն է,  կուժի մը նման խուլ:

Այսինքն ան կը լսէ միայն ինքզինք եւ կը հետապնդէ իր շահը:

 

28 սեպտեմբեր 2020, Փարիզ

 

 

Նախորդը

Պատերազմ՝ Արցախում… Եւ Մենք՝ Յաղթելու Ենք…

Յաջորդը

Նոր Ջուղայի Հայ Դատի Գրասենեակի Յայտարարութիւնը

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.