Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հիւսիսային Քորէա Ներում Կը Հայցէ Հարաւային Քորէացի «Դասալիք» Պաշտօնատարի Սպանութեան Համար

September 26, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ուն Ներում հայցեց Հարաւային Քորէայի քաղաքացիի ծովուն մէջ սպանութեան համար: Այս մասին կը հաղորդէ հարաւային քորէական «Եունհափ» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Հարաւային Քորէայի նախագահի գրասենեակին:

Հարաւային Քորէայի նախագահական պալատը հաղորդեց, որ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարը դէպքը «ամօթալի» կոչած է եւ ներում հայցած «նախագահ Մուն Ժէյ Ունին եւ հարաւային քորէացիներուն յուսախաբութիւն պատճառելու համար»:

Հարաւային քորէական գաղտնի սպասարկութենէն աղբիւր մը յայտնեց, որ Հարաւային Քորէայի ձկնորսութեան նախարարութենէն պաշտօնատար մը փորձած է դասալիք ըլլալ: Աղբիւրը նշեց, թէ տեղեկահաւաքի իշխանութիւնները լրտեսութեան ու հսկողութեան ճամբով փաստեր ստացած են Հիւսիսային Քորէայի հետ հաղորդակցութիւններու մասին, եւ փաստերը ցոյց կու տան, թէ 47 տարեկան պաշտօնատարը փորձած է դասալիք ըլլալով միանալ Հիւսիսային Քորէայի:

Աղբիւրը աւելցուց, որ գաղտնի սպասարկական տեղեկութիւնները ամբողջութեամբ նկատի ունենալով տեղեկահաւաքի իշխանութիւնները կը կարծեն, որ նշեալ պաշտօնատարը Հիւսիսային Քորէա մեկնած է անոր միանալու համար:

Ան ըսաւ, որ տեղեկութիւնները, որոնք ցոյց կու տան, թէ ան փորձած է հիւսիս փախչիլ, հաւաստի են, որքան այն տեղեկութիւնը, թէ Հիւսիսային Քորէան կրակ բացած է անոր վրայ, ապա դիակը հրկիզած:

Պաշտօնատարին ընտանիքն ու գործընկերները սակայն կը պնդեն, թէ Հիւսիսային Քորէա ապաստանելու որեւէ նշան չկար:

 

Նախորդը

Ըստ Իսրայէլեան Լրատուամիջոցներու. Ուաշինկթըն Ճնշում Կը Բանեցնէ Քաթարի Վրայ, Որպէսզի Իր Յարաբերութիւնները Բնականոնացնէ Իսրայէլի Հետ

Յաջորդը

Լուիզվիլի Մէջ 2-րդ Օրն Անընդմէջ Ցոյցեր` Ոստիկանութեան Կողմէ Սեւամորթ Կնոջ Սպանութեան Դէմ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կրնանք Հիմա Հեռանալ, Սակայն  Կ՛ուզենք Իրանի Մէջ Մեր Իրագործած Արդիւնքներուն  Երկար Գոյատեւումը Երաշխաւորել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կրնանք Հիմա Հեռանալ, Սակայն Կ՛ուզենք Իրանի Մէջ Մեր Իրագործած Արդիւնքներուն Երկար Գոյատեւումը Երաշխաւորել»

October 23, 2026
Զելենսքի. «Ուքրանիա Պատրաստ Է Սառեցնելու  Զինուորական Գործողութիւնները  Ռազմաճակատին Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Զելենսքի. «Ուքրանիա Պատրաստ Է Սառեցնելու Զինուորական Գործողութիւնները Ռազմաճակատին Վրայ»

October 23, 2026
Էրտողան-Ալիեւ Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Էրտողան-Ալիեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.