Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը Իր Ծառայութիւնը Կը Շարունակէ Հաւատքով Ու Նուիրումով» Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

September 26, 2020
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թեմերուն հետ ունեցած իր առցանց խորհրդակցութիւններուն առընթեր, վեհափառ հայրապետը անցնող օրերու ընթացքին նաեւ առանձին հանդիպումներ ունեցաւ թեմերուն մէջ  ծառայող եւ համալսարաններուն մէջ ուսանող միաբան հայրերու հետ:

Վեհափառ հայրապետը վանաբնակ միաբաններուն հետ յաճախակի առիթներով առանձնաբար եւ հաւաքաբար հանդիպումներ կ՛ունենայ, կը լսէ զիրենք, իրենց յանձնուած աշխատանքներուն մասին զեկուցումներ կը ստանայ եւ իր հայրական օրհնութիւնը եւ թելադրութիւնը կը կատարէ անոնց:

Թեմերու մէջ ծառայող միաբաններու հետ ունեցած առցանց զրոյցներու ընթացքին վեհափառ հայրապետը մօտէն տեղեակ դարձաւ անոնց աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ ուսումնական աշխատանքներուն մասին, գնահատեց անոնց հաւատքով ու նուիրումով կատարուող ծառայութիւնը եւ անհրաժեշտ թելադրութիւնները կատարեց: Վեհափառ հայրապետը թելադրեց առաւել թափ տալ անոնց  ժողովրդանուէր ծառայութեան` յիշեցնելով, որ հայ հոգեւորականին մեծութիւնը, արժէքն ու արժանիքը միայն ծառայութիւնն է:

Յայտնենք, որ թեմական ծառայութեան մէջ գտնուող միաբաններէն ոմանք նաեւ կ՛ուսանին, ինչպէս նաեւ ամբողջութեամբ ուսման նուիրուած միաբաններ կան Հռոմի, Աւստրալիոյ, Քանատայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Յառաջիկայ կրթական տարեշրջանին նաեւ ուսանողներ պիտի ըլլան Լիբանանի համալսարաններուն մէջ: Յառաջիկայ ամիսներուն ոմանք պիտի վերադառնան թեմական ծառայութենէն, իսկ ուրիշներ պիտի մեկնին:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց Սուրիական Դեսպանատուն

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.