Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փենթակոն Կը Խոստանայ Միջին Արեւելքի Մէջ Զինուորական Առաւելութիւնը Պահպանել

September 24, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփըր Իսրայէլի ներքին գործոց նախարար Պենի Կանցի հետ Ուաշինկթընի մէջ իր հանդիպումին ընթացքին յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի պահպանեն Միջին Արեւելքի մէջ Իսրայէլի զինուորական առաւելութիւնը:

Իսրայէլ մտահոգ է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու` ամերիկեան արդիական «Էֆ-35» հալածիչներ գնելու կարելիութեամբ:

Էսփըր Փենթակոնի մէջ Կանցի առջեւ ըսաւ. «Մեր պաշտպանական յարաբերութիւններու հիմնական սիւներէն մէկը շրջանին մէջ իսրայէլեան տեսակարար առաւելութեան պահպանումն է»:

«Միացեալ Նահանգներ յանձնառու են ատոր, եւ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յարգէ այդ յանձնառութիւնը», աւելցուց ան` խոստանալով «շարունակել Իսրայէլի անվտանգութիւնը պահպանելու ամերիկեան վաղեմի քաղաքականութեան աջակցութիւնը»:

Կանց իր կարգին խոստացաւ պահպանել «Միացեալ Նահանգներու հետ պաշտպանական սերտ յարաբերութիւնները»` նշելով, որ այդ հարցը «առանձնաշնորհում մըն է, սակայն նաեւ` անհրաժեշտութիւն մը»:

«Այս հարցը առնչուած է զինուորական տեսակարար առաւելութեան, սակայն նաեւ` մեր կարեւոր գործակցութեան», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Միշտ կ՛ըսենք, որ մեր շահերէն կը բխի ձեզի հետ բաժնել այն ամէնը, ինչ որ կրնանք բաժնեկցիլ, եւ պիտի շարունակենք ապագային ատիկա կատարել»:

Միացեալ Նահանգներ 1960-ական թուականներէն ի վեր կը պահպանեն Միջին Արեւելքի մէջ Իսրայէլի զինուորական տեսակարար առաւելութիւնը, եւ այդ քաղաքականութիւնը երկու տարի առաջ ամրապնդումի ենթարկուեցաւ որդեգրումովը օրէնքի մը, որ կ՛երաշխաւորէ, որ ամերիկեան վարչակազմին կողմէ շրջանին մէջ որեւէ այլ երկրի զէնքեր ծախելու ընթացքին պահպանուի Իսրայէլի ինքնապաշտպանութեան կարողութիւնը:

Միացեալ Նահանգներ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ կը յուսան «Էֆ-35»-ներու շուրջ գործարքին մէջ նախնական համաձայնութեան հասնիլ դեկտեմբերին: Լաւատեղեակ աղբիւրներ «Մայատին»-ին կը յայտնեն, որ նպատակը 2 դեկտեմբերին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ազգային տօնէն առաջ նախնական համաձայնութիւն գոյացնելն է:

 

Նախորդը

ՕԹԱՆ. «Թուրքիա Եւ Յունաստան Թեքնիք Բանակցութիւններուն Մէջ Լաւ Յառաջդիմութիւն Արձանագրեցին»

Յաջորդը

Էրտողան-Մաքրոն Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

RelatedPosts

Արաղչի. «Իրանի Նախագահի Հայաստան  Այցելութեան Նպատակը Հարաւային Կովկասի  Աշխարհաքաղաքական Քարտէսի  Անփոփոխութեան Ապահովումն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգները Եւ Իրանը Առանձին Բանակցութիւններ Պիտի Կայացնեն Միջնորդներու Հետ

September 29, 2026
Փեսքով. «Եթէ Հայաստանը Այլեւս ՀԱՊԿ-ին  Կարիքը Չունի, Ազատ Է Որդեգրելու Համապատասխան  Որոշում Եւ Կազմակերպութենէն Դուրս Գալու»
Գլխաւոր լուրեր

Քրեմլին. «Ուքրանիան Գին Կը Վճարէ Ռուսիոյ Վրայ Յարձակումներուն Համար»

September 29, 2026
Թրամփ Մերժած Է Հորմուզի Նեղուցը Վերաբանալու Իրանի Առաջարկը
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Մերժած Է Հորմուզի Նեղուցը Վերաբանալու Իրանի Առաջարկը

September 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.