Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 30.838-ի, Մահուան Պարագաներունը` 2091-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 12.878-ի

September 23, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հասան Կ՛առաջարկէ Երկու Շաբթուան
Համար Ամբողջութեամբ Փակել Երկիրը

 

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 30.838-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 851 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 841-ը տեղացիներ, իսկ 10-ը Լիբանան վերադարձած քաղաքայիններ:

Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 291 պարագաներ մահացած են, իսկ 12.878 ուրիշներ` ապաքինած:

Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան յայտնեց, որ որեւէ երկրի մէջ այսքան մեծ քանակով «Քորոնա» ժահրով վարակուողներուն պարագային, տուեալ երկիրը խիստ միջոցներու կը դիմէ, եւ պետական բոլոր մարմիններուն միջեւ գործակցութիւն կը կատարուի:

«Հակառակ Լիբանանի դիմագրաւած տագնապներուն, «Քորոնա»-ի համաճարակին հանդէպ ցուցաբերուած վարուելակերպը անընդունելի է: Երկիրը պէտք է երկու շաբաթ ամբողջական կերպով փակել, եւ իւրաքանչիւր քաղաքացի նախազգուշութիւնները ստանձնելու պատասխանատուութիւն պէտք է ստանձնէ», ըսաւ ան:

Համատ Հասան շեշտեց, որ ոչ ոք անօթի կը մեռնի, սակայն «Քորոնա» ժահրէն կրնայ մահանալ: «Կը հասկնանք, որ ժողովուրդը պիտի ապրի, սակայն ապրելու եւ առողջապահութեան միջեւ առաջնահերթութիւնը կ՛երթայ առողջապահութեան», ըսաւ ան:

Համատ Հասան հաստատեց, որ առողջապահութեան նախարարութիւնը յանձնարարած է «Քորոնա» համաճարակի կառավարական յանձնախումբին երկու շաբաթ ամբողջովին փակել երկիրը:

Անդրադառնալով դպրոցներու եւ վերամուտի որոշումին` Հասան յայտնեց, որ անիկա կը վերաբերի կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութեան:

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի յայտնեց, որ բանտերուն մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակման պարագաներ արձանագրուած են, սակայն կացութիւնը հակակշիռի տակ է:

Ան աւելցուց, որ այն արգելափակեալները, որոնք հիւանդանոցային խնամքի կարիք ունէին, միայն 6 հոգի են, եւ համապատասխան դասաւորումները կատարուած են, որպէսզի զանոնք հիւանդանոց փոխադրեն:

Ֆահմի մաղթեց, որ արգելափակեալները խափանարարական արարքներու եւ մագլցողական քայլերու չդիմեն:

Առողջապահութեան հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ եթէ խնդրոյ առարկայ նախարարութիւններուն կողմէ նախազգուշութիւնները պէտք եղած ձեւով գործադրուէին եւ քաղաքացիները նախազգուշութիւններուն հետեւէին, ապա այս փուլին չէինք հասներ:

Արաժի համաձայն գտնուեցաւ երկու շաբաթ երկիրը ամբողջութեամբ փակելու առաջարկին, պայմանով, որ խիստ վերաբերում ցուցաբերուի «Քորոնա» ժահրով վարակուելու նախազգուշութիւնները խախտելու պարագային:

Արաժի ընդգծեց, որ եթէ նախազգուշութիւններուն նկատմամբ յանձնառութիւն չցուցաբերուի, ապա Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի առողջապահական աղէտալի փուլ մը, իսկ հիւանդանոցները պիտի հասնին այնպիսի տեղ, ուր անոնք պիտի չկարենան հիւանդներ ընդունիլ:

Արաժի կոչ ուղղեց արագացնելու կառավարութեան կազմութիւնը:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ուժգին Պայթում Մը Ցնցեց Այն Քանա Գիւղաքաղաքը

RelatedPosts

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Տեսակցեցաւ Պըն Ֆարհանի Հետ
Լիբանանեան

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Տեսակցեցաւ Պըն Ֆարհանի Հետ

September 28, 2026
Հըզպալլա Ոգեկոչեց Սէյիտ Հասան Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի Սպանութեան Երկրորդ Տարելիցի Յիշատակը
Լիբանանեան

Հըզպալլա Ոգեկոչեց Սէյիտ Հասան Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի Սպանութեան Երկրորդ Տարելիցի Յիշատակը

September 28, 2026
Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»
Լիբանանեան

Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»

September 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.