Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներ Կը Վերականգնեն Իրանի Դէմ ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցները

September 21, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ երէկ յայտարարեց, թէ Իրանի դէմ հաստատուած ՄԱԿ-ի պատժամիջոցները վերականգնած են, հակառակ անոր որ ՄԱԿ մերժեց այդ մէկը` սպառնալով զայն վերականգնող երկիրներուն, որ պիտի չկարենան զանոնք գործադրել առանց «հետեւանքներու»:

Փոմփէօ ըսաւ. «Միացեալ Նահանգներ այսօր կ՛ողջունեն վերականգնումը ահաբեկչութեան եւ աշխարհի տարածքին հակասեմականութեան գլխաւոր հովանաւոր Իրանի դէմ ՄԱԿ-ի կողմէ հաստատուած բոլոր պատժամիջոցներուն, որոնք նախապէս ջնջուած էին»:

Հաղորդագրութեան մը մէջ ան նշեց. «Վերականգնած են Իրանի դէմ ՄԱԿ-ի գրեթէ բոլոր պատժամիջոցները, որոնք կը ներառեն զէնքի վաճառքի մնայուն երկարաձգում»` աւելցնելով. «Եթէ ՄԱԿ-ի անդամները չյարգեն այս պատժամիջոցները գործադրելու իրենց յանձնառութիւնները, ապա մենք պատրաստ ենք օգտագործելու մեր ներքին լիազօրութիւնները այդ ձախողութեան հետեւանքները յաղթահարելու` երաշխաւորելու համար, որ Իրան պիտի չօգտուի ՄԱԿ-ի արգիլած գործունէութիւններէն»:

Եւրոպական Միութիւնը մերժեց ՄԱԿ-ի պատժամիջոցներու վերականգնումը: Եւրոպական եռեակը` Ֆրանսա, Գերմանիա եւ Բրիտանիա, որոնք մասնակից են Իրանի հետ կնքուած համաձայնութեան, ընդգծեցին, որ Ուաշինկթըն իրաւասու չէ պատժամիջոցները վերականգնելու, որովհետեւ իր ազատ կամքով դուրս եկած է հիւլէական համաձայնութենէն:

Անոնք նշեցին. «ՄԱԿ-ի պատժամիջոցները վերականգնելու որեւէ որոշում կամ քայլ պիտի ըլլայ առանց որեւէ իրաւական հիմնաւորումի»:

Յիշեցնենք, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը օգոստոսին մերժած էր Իրանի դէմ զէնքի մատակարարման արգելքը երկարաձգելու ամերիկեան նախագիծ մը:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես յայտնեց, որ չի կրնար ամերիկեան յայտարարութեան վերաբերեալ որեւէ քայլ առնել` նկատի ունենալով, որ հարցին մէջ «կասկած» գոյութիւն ունի:

Կութիերես ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին յղած իր նամակին մէջ ըսաւ. «Ըստ երեւոյթին, կասկած կայ այդ հարցին շուրջ` թէ ասիկա գործնակա՞ն է, թէ՞ ոչ… եւ թէ իսկապէս սկսաւ, եւ նոյն ատեն կասկած կայ, թէ (պատժամիջոցներու) վերջ տալը տակաւին ի զօրո՞ւ է»:

«Ընդհանուր քարտուղարը չի կրնար վարուիլ այնպէս, կարծէք նման կասկած մը գոյութիւն չունի», աւելցուց Կութիերես:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Իրանի վերաբերող թիւ 2231 որոշումը տակաւին ի զօրու է, եւ հիւլէական համաձայնութեան պահպանման ջանքերը կը շարունակուին»:

Մեկնաբանելով Իրանի դէմ ՄԱԿ-ի բոլոր պատժամիջոցները վերականգնելու ամերիկեան միակողմանի որոշումը` Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդգծեց. «Ուաշինկթըն չի խօսիր Ապահովութեան խորհուրդին անունով»:

«Իրականութիւնն այն է, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը Իրանի դէմ իր հաստատած նախկին պատժամիջոցները վերականգնելու որեւէ քայլ չառաւ, եւ Ուաշինկթընի ըրածը թատերական ներկայացում մըն է, փորձ մը Ապահովութեան խորհուրդի քաղաքականութիւնը Իրանի դէմ իր հաստատած առաւելագոյն ճնշումի գործադրման քաղաքականութեան մէկ բաժինի վերածելու, եւ որոշումի տէր այդ մարմինը դարձնելու իր ձեռքին տակ գործող կամակատարի», նշեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Նախորդը

«Իրան Զգետնող Պատասխանով Պիտի Հակադարձէ Ամերիկեան Խուլիկանութեան» Կ՛ըսէ Ռուհանի

Յաջորդը

Փոմփէօ. «Ծոցէն Երկիրներ Համոզեցինք` Իսրայէլի Հետ Գործակցելու Իրենց Անվտանգութեան Համար»

RelatedPosts

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու  Վերահսկողութեան Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու Վերահսկողութեան Տակ

November 5, 2026
Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն  Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն  Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»

November 5, 2026
Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ  Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք  Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»
Միջազգային

Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.