Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թերզեան. «Պէտք Է Ստեղծել Յստակ Մեքանիզմներ Եւ Սկսիլ Հատուցում Կատարել Պայթումէն Տուժածներուն»

September 19, 2020
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեսփոխան Յակոբ Թերզեան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ երկրին քաղաքական ղեկավարութիւններուն հարց տուաւ, թէ ո՞ւր են այսօր նաւահանգիստի ահաւոր պայթումէն ամիս մը ետք եւ ի՞նչ կ՛ընեն այն քաղաքացիներուն համար, որոնք կորսնցուցած են իրենց տուները, սեփականութիւնները: Թերզեան մեղադրեց, որ անոնք կրկին կը դիմեն եւ կ՛ապաւինին մոռացկոտութեան սկզբունքին` կարծելով, որ ատիկա կը լռեցնէ կորուստի ցաւը:

Թերզեան անընդունելի նկատեց, որ աղէտէն աւելի քան ամիս մը ետք մարդիկ ձգուած են կորսուած վիճակի մէջ` առանց հատուցման յստակ եւ յայտարարուած մեքանիզմի մը, եւ առանց զանոնք ուղղորդելու յստակ յայտարարութեան: Ան նշեց, որ պետութիւնը քաղաքացիները կը ձգէ, որ բախին իրենց ճակատագիրին, շահագործուին ճակատագիրին կողմէ եւ դառնան ճգնաժամերու վաճառքի առարկայ:

Ան հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս պատասխանատուները կ՛անտեսեն եւ իրենց պարտականութիւնները կը բարդեն բանակի եւ կազմակերպութիւններու ուսերուն վրայ: Ան հարց տուաւ նաեւ, թէ ո՞ւր են պետական կառոյցները եւ արտակարգ դրութիւններու տնօրինութեան մարմինը, որոնց պարտականութիւնն է առաւելագոյն ուշադրութիւնը ցուցաբերել տուժած անհատներու եւ զոհերու ընտանիքներուն, մանաւանդ որ կը գտնուինք ձմեռնամուտի սեմին եւ կայ տնտեսական վիճակի ահաւոր վատթարացում:

«Մենք պետութեան եւ պատասխանատուներուն կոչ կ՛ուղղենք արագ եւ անյապաղ գործի դնելու յստակ, շօշափելի եւ թափանցիկ մեքանիզմներ, եւ սկսելու հատուցում կատարել այս սարսափելի ոճիրէն տուժածներուն: Եւ մենք նաեւ կը պահանջենք արդիւնաւէտ միջոցներ ձմրան ցուրտէն խուսափելու եւ տուժածները բնականոն եւ ապահով կեանքի վերադարձնելու ուղղութեամբ: Ես պետութեան եւ իւրաքանչիւր պատասխանատուի կոչ կ՛ուղղեմ, որ այսօրուան գործը վաղուան չձգեն: Մենք թանկագին կեանքեր կորսնցուցինք եւ չենք ուզեր ողջերն ալ կորսնցնել», եզրափակեց երեսփոխան Թերզեան:

 

 

Նախորդը

Ժիպէյլ. Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մարդասիրական Գիտութիւններու Միջազգային Կեդրոն

Յաջորդը

Հանրապետութեան Նախագահին Զանազան Տեսակցութիւնները Եւ Մաքրոնի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Վճարամիջոց-Մանրադրամի Պատրուակային Տեսութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Վճարամիջոց-Մանրադրամի Պատրուակային Տեսութիւնը

November 9, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը  Կ՛ընդդիմանայ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի  Պաշտօնին Թուրքիոյ Առաջադրած Թեկնածուին
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Կ՛ընդդիմանայ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Պաշտօնին Թուրքիոյ Առաջադրած Թեկնածուին

November 9, 2026
Բագրատունի. «Կը Զգուշացնենք Զէնքի  Մենաշնորհման Թղթածրարին Մէջ  Ուժի Կիրարկման Դիմելէ»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Կը Զգուշացնենք Զէնքի Մենաշնորհման Թղթածրարին Մէջ Ուժի Կիրարկման Դիմելէ»

November 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.