Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեսփոխան Բագրատունի Կառավարութեան Կազմութեան Մասին Խորհրդակցեցաւ Նախագահ Աունին Հետ

September 16, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ Պաապտայի մէջ հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ` կառավարութեան կազմութեան շուրջ խորհրդակցելու նպատակով:

Հանդիպումին ընթացքին Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ նախարարութիւններու հերթափոխութեան մասին ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի կեցուածքը սկզբունքային է եւ հինէն եկած է, այսինքն` անպայման շիի համայնքին չի վերաբերիր:

«Նախարարութիւններու հերթափոխութեան մասին մեր կարծիքը նոր չէ. մենք միշտ ալ ըսած ենք, որ նախարարութիւնները համայնքներու սեփականութիւնը չեն: Մեզի համար անընդունելի է նախարարութիւններու որակումը, ինչպէս`  ուժային, ծառայութիւններու, երրորդ կամ չորրորդ կարգի նախարարութիւններ: Հետեւաբար, մենք համաձայն ենք նախարարութիւններու հերթափոխութեան», շեշտեց ան:

Երեսփոխան Բագրատունի աւելցուց, որ վարչապետին կողմէ նախարարներու ճշդումին պարագային պէտք է իմանանք, որ ո՛վ են նախարարները: «Վերջին հաշուով երեսփոխանական պլոքներն են, որ կառավարութեան վստահութեան քուէ պիտի շնորհեն: Այսինքն, ինչքան ալ վստահ ըլլանք վարչապետէն, մենք պիտի ուզենք տեղեկութիւն ունենալ նախարարներուն մասին», յայտնեց ան:

ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը նշեց, որ մերժելի է այն գաղափարը, թէ հոս բոլորը պիղծ են, ուրեմն պէտք է դուրսէն նոր նախարարներ ներածել: «Մենք նախարար ներածելու գաղափարին դէմ ենք: Մենք պիտի մասնակցինք կառավարութեան եւ մեզի անծանօթ մարդու քուէ տալու պատրաստ չենք: Եթէ մենք հայ նախարարին անուան շուրջ համաձայն չըլլանք, վստահ չենք, որ կառավարութեան վստահութեան քուէ կը շնորհենք», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:

 

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն Շարունակեց Կառավարութեան Կազմութեան Խորհրդակցութիւնները

Յաջորդը

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Հանդիպելու Առաջարկ Ներկայացուցին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Վճարամիջոց-Մանրադրամի Պատրուակային Տեսութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Վճարամիջոց-Մանրադրամի Պատրուակային Տեսութիւնը

November 9, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը  Կ՛ընդդիմանայ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի  Պաշտօնին Թուրքիոյ Առաջադրած Թեկնածուին
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Կ՛ընդդիմանայ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Պաշտօնին Թուրքիոյ Առաջադրած Թեկնածուին

November 9, 2026
Բագրատունի. «Կը Զգուշացնենք Զէնքի  Մենաշնորհման Թղթածրարին Մէջ  Ուժի Կիրարկման Դիմելէ»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Կը Զգուշացնենք Զէնքի Մենաշնորհման Թղթածրարին Մէջ Ուժի Կիրարկման Դիմելէ»

November 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.