Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Թրամփի. Օպամա Ոչ Արդարացի Կերպով Ստացած Է Նոպելեան Մրցանակ

September 15, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, թէ նախկին նախագահ Պարաք Օպամա անարդարացիօրէն խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակ ստացած է: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:

«Կը յիշէք չէ՞ մեր մեծ նախագահը: Պարաք Հուսէյն Օպամա. ան մրցանակը ստացած է պաշտօնը ստանձնելէ անմիջապէս ետք: Հարցումին, թէ ինչո՞ւ ստացած է, ան չկրցաւ պատասխանել, կը յիշէ՞ք: Իսկ ետքը Պայտընը ըսաւ. «Իսկ ինծի՞», ու անոնք պատասխանեցին. «Աս ո՞վ է, գրողը տանի, եւ ի՞նչ ըրած է»: Օպաման զայն ստացած է ոչ մէկ բանի համար», Նեւատայի մէջ իր համակիրներուն առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ ըսած է Թրամփ:

Թրամփ նաեւ յիշեցուցած է, որ վերջերս զինք երկու անգամ առաջադրած են այդ մրցանակին:

Նախապէս հաղորդուած էր, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակին առաջադրուած է: Նոպելեան կոմիտէին պաշտօնական խնդրագիր ուղարկած է Նորվեկիոյ խորհրդարանի ներկայացուցիչ Քրիսթիան Թիպրինկ Կետտէն: Վերջինս մրցանակի համար Թրամփի առաջադրման մասին Նոպելեան յանձնախումբին ուղղուած իր նամակին մէջ յայտարարած է, թէ Թրամփի վարչակազմը առանցքային դեր խաղցած է Իսրայէլի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին մէջ:

«Կը կարծեմ` պետութիւններու միջեւ խաղաղութիւն հաստատելու իր փորձառութեան մէջ ան աւելին ըրած է, քան մրցանակի միւս թեկնածուներուն մեծ մասը», յայտարարած է նորվեկիացի երեսփոխանը` պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին:

Օրեր ետք Շուէտի խորհրդարանի անդամ Մակնոս Եաքոպսըն եւս մրցանակի յառաջադրած էր Թրամփը:

Յիշեցնենք, որ 2009 թուականի խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակը շնորհուած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային` «միջազգային դիւանագիտութեան եւ ժողովուրդներու միջեւ համագործակցութեան ամրապնդման ուղղուած ջանքերուն համար»:

 

 

Նախորդը

Կիպրոս Պատասխանած Է Ռուսիոյ Մարտանաւերու Կղզիի Նաւահանգիստներ Մուտք Գործելուն Վերաբերեալ Փոմփէոյի Հարցումին

Յաջորդը

Ըստ «Փոլիթիքօ»-ի. Իրան Սիւլէյմանիի Սպանութեան Համար Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին Դէմ Մահափորձ Կը Նախապատրաստէ

RelatedPosts

Վանս. «Իրանի Հետ Պատերազմը Երկու Ամիսէն  Ամբողջովին Տարբեր Փուլ Մուտք Պիտի Գործէ»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Իրանի Հետ Պատերազմը Երկու Ամիսէն Ամբողջովին Տարբեր Փուլ Մուտք Պիտի Գործէ»

September 17, 2026
Եի. «Չինաստանը Հանդէս Կու Գայ Իբրեւ Իրանի  Ռազմավարական Գործընկեր Եւ Պատրաստ Է  Պաշտպանելու Երկրի Օրինական Շահերը»
Միջազգային

Եի. «Չինաստանը Հանդէս Կու Գայ Իբրեւ Իրանի Ռազմավարական Գործընկեր Եւ Պատրաստ Է Պաշտպանելու Երկրի Օրինական Շահերը»

September 17, 2026
Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.