Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաշտօնապէս Հանրապետական Կուսակցութեան Թեկնածուն Դառնալէ Ետք. Թրամփ Իր Խօսքին Մէջ Դեմոկրատական Կուսակցութիւնը «Արմատական Շարժում» Կոչած Է, Ինքզինք Լինքըլնին Համեմատած Եւ Սիւլէյմանիի Անունը Սխալ Արտասանած

August 29, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ պաշտօնապէս համաձայն գտնուած է իր թեկնածութիւնը առաջադրելու Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին եւ իր արտասանած խօսքին մէջ Դեմոկրատական կուսակցութիւնը «արմատական շարժում» կոչած է եւ ինքզինք համեմատած Միացեալ Նահանգներու 16-րդ նախագահ Ապրահամ Լինքըլնի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:

«Իմ սիրելի՛ ամերիկացիներ, այսօր երախտագիտութեամբ եւ անսահման լաւատեսութեամբ լեցուն սրտով ես Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին իմ թեկնածութիւնս կ՛ընդունիմ խորին յարգանքով», ըսած է Թրամփ` Հանրապետական կուսակցութեան ընդհանուր ժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ:

«Այս ընտրութիւնները պիտի որոշեն` պիտի փրկե՞նք ամերիկեան երազը, թէ՞ ընկերվարականներուն պիտի արտօնենք ջախջախել մեր երկրի թանկ ճակատագիրը: Ձեր քուէն պիտի որոշէ` մենք պիտի պաշտպանե՞նք ամերիկեան կենսակերպը, թէ՞ արմատական շարժումին պիտի արտօնենք ամբողջութեամբ զայն ոչնչացնել», նշած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

«Պայտըն ոչ թէ ամերիկեան ոգիի փրկիչն է, այլ` ամերիկեան աշխատատեղերը ոչնչացնողը», յայտարարած է Սպիտակ տան ղեկավարը` աւելցնելով. «Այն, ինչին մենք հասած ենք, այժմ վտանգուած է: Այս ընտրութիւնը մեր երկրի պատմութեան մէջ կարեւորագոյն ընտրութիւնն է»:

Թրամփ իր խօսքին մէջ նաեւ ինքզինք համեմատած է Միացեալ Նահանգներու 16-րդ նախագահ Ապրահամ Լինքըլնի հետ: Անոր պնդումով` ան ափրիկեցի-ամերիկացիներու համար «աւելին ըրած է, քան Ապրահամ Լինքըլնէն ետք ոեւէ նախագահ»:

Նշենք, որ Լինքըլնի նախագահութեան օրոք(1861-1865) երկրին մէջ քաղաքացիական պատերազմ էր: Այդ ընթացքին ան կրցած է ո՛չ միայն պահպանել Միութիւնը, այլ ամրապնդել զայն եւ ճամբայ հարթել դէպի ստրկութեան ջնջում, ամրապնդել դաշնակցային կառավարութիւնը եւ արդիականացնել տնտեսութիւնը:

«Ես ափրիկեցի-ամերիկացի հանրութեան համար աւելի շատ բան ըրած եմ, քան Ճօ Պայտընը 47 տարուան ընթացքին: Երբ ես վերընտրուիմ, աւելի լաւ պիտի ըլլայ», վստահեցուցած է Թրամփ:

Ան` խօսելով Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» ջոկատի հրամանատար զօր. Քասեմ Սիւլէյմանիի սպանութեան գործողութեան մասին, սխալ արտասանած է անոր անունը: «Գործողութեան ընթացքին մենք ոչնչացուցած ենք աշխարհի առաջին ահաբեկիչ Քասեմ Սիւլէյմանիին», ըսած է Թրամփ:

Նախորդը

Թուրքիոյ Պահանջով Արգիլուած Է Վրացական Ազգային Տօնը

Յաջորդը

«Եթէ Թուրքիան Միջերկրականի Մէջ Իր Կեցուածքէն Ետդարձ Չկատարէ, Կրնանք Անոր Դէմ Տնտեսական Պատժամիջոցներ Հաստատել» Կ՛ըսէ Պորել

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.