Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսական Եւ Ամերիկեան Ուժերու Միջեւ «Ճակատում» Հասաքէի Մէջ

August 28, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսական «Սփութնիք» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Հասաքէի մէջ ամերիկեան ուժերուն պատկանող շարք մը զրահապատ մեքենաներ չորեքշաբթի օր փորձած են արգելք հանդիսանալ ռուսական զինուորական ոստիկանութեան շարք մը զրահապատ մեքենաներու, որոնք սովորական հսկողութիւն կը կատարէին, սակայն ռուսական ուղղաթիռի մը միջամտութենէն ետք անոնց փորձը ձախողութեան մատնուած է:

Ռուսական բանակի ուղղաթիռը քանի մը մեթր բարձրութեան վրայ թռիչք կատարած է ամերիկեան անցարգելին վերեւ, որուն պատճառով ալ ամերիկացի զինուորներն ու ամերիկամէտ զինեալները նահանջած են, եւ այդպիսով հսկողութիւն կատարող ռուսական ուժերուն առջեւ ճամբան բացուած է: Անոնք վերադարձած են Գամիշլիի միջազգային օդակայանին մէջ գտնուող իրենց ռազմակայանը:

Ամերիկացի երկու պաշտօնատարներ չորեքշաբթի օր «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած էին, թէ ամերիկացի փոքրաթիւ զինուորներ Սուրիոյ մէջ ռուսական ուժերուն հետ դէպքի մը ընթացքին վիրաւորուած են:

Պաշտօնատարներէն մէկը ըսած էր, թէ վիրաւորներ արձանագրուած են «բախում»-ի մը իբրեւ հետեւանք եւ ոչ թէ փոխադարձ կրակոցի:

Այլ պաշտօնատար մը իր կարգին յայտնած էր, որ միջադէպը տեղի ունեցած է այս շաբաթ Սուրիոյ հիւսիս արեւելքը, եւ ամերիկացի զինուորները թեթեւօրէն վիրաւորուած են:

Ռուսական բանակը երէկ յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ ամերիկեան ուժերուն հետ ճակատումէն առաջ զգուշացուցած է իր խումբին շարժումներէն:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ հսկողութիւն կատարող ռուսական զինուորական խումբին անցքը արգիլելու ամերիկեան փորձը կը խախտէ Սուրիոյ շուրջ առկայ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Նախարարութիւնը դիտել տուաւ, թէ ռուսական բանակի սպայակոյտի պետ Վալերի Կերասիմով այս հարցով զրուցած է ամերիկեան բանակի միացեալ սպայակոյտի պետ Մարք Միլիի հետ եւ անոր ուշադրութեան յանձնած, թէ Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի Միջազգային դաշինքի ղեկավարութիւնը, գործող դասաւորումներուն հիմամբ, նախապէս տեղեակ պահուած էր ռուսական զինուորական ոստիկանութեան խումբի մը շրջանէն անցնելուն մասին:

Նախորդը

Թրամփ Մտահոգ Է. Թրամփ-Էրտողան Եւ Թրամփ-Միցոթաքիս Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւններ` Արեւելեան Միջերկրականի Մէջ Թուրք-Յունական Լարուածութեան Մասին

Յաջորդը

Փոմփէօ. «Օմանի Սուլթանին Հետ Քննարկեցի Խաղաղութեան Կառուցումը` Միացեալ Ծոցի Համագործակցութեան Խորհուրդին Ճամբով»

RelatedPosts

Թրամփ Ռուսիան Քոնկրեսի Հաստատած  Պատժամիջոցներէն Զանց Կացուցող  Հրամանագիր Մը Ստորագրեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Ռուսիան Քոնկրեսի Հաստատած Պատժամիջոցներէն Զանց Կացուցող Հրամանագիր Մը Ստորագրեց

October 19, 2026
Ֆրանսայի Մէջ Բողոքի Ցոյցերուն Կէս Միլիոն  Մասնակից Եւ 1200 Ձերբակալուած
Գլխաւոր լուրեր

Ֆրանսայի Մէջ Բողոքի Ցոյցերուն Կէս Միլիոն Մասնակից Եւ 1200 Ձերբակալուած

October 19, 2026
Թրամփ «Ամբողջական Եւ Բացարձակ»  Զօրակցութիւն Յայտնեց Նեթանիահուին`  Իսրայէլի Վարչապետի Պաշտօնի Թեկնածութեան
Միջազգային

Թրամփ «Ամբողջական Եւ Բացարձակ» Զօրակցութիւն Յայտնեց Նեթանիահուին` Իսրայէլի Վարչապետի Պաշտօնի Թեկնածութեան

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.