Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն Կը Քննադատէ Էրտողանի Կողմէ Համասի Պատուիրակութեան Հիւրընկալումը. Անգարա Կը Մերժէ Ամերիկեան Քննադատութիւնը

August 27, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով քննադատեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ Համասի երկու ղեկավարներու Պոլսոյ մէջ հիւրընկալումը:

«Էրտողանի հիւրընկալած պաշտօնատարները միջազգային ահաբեկիչներ են», յայտնեց նախարարութիւնը` նշելով. «Համասի հետ Էրտողանի հաղորդակցութեան շարունակումը միայն Թուրքիան միջազգային ընտանիքէն մեկուսացնելուն ու պաղեստինցի ժողովուրդի շահերուն վնասելուն կ՛առաջնորդէ»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը մտահոգութիւն յայտնեց Համասի հետ Թուրքիոյ բարձրագոյն մակարդակներու վրայ յարաբերութեան նկատմամբ:

Նշենք, որ Համասէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէ շարժումի քաղաքական գրասենեակի նախագահ Իսմայիլ Հանիէ, փոխնախագահ Սալեհ Արուրի, արտասահմանի մէջ Համասի ղեկավար Մահեր Սալահ, արաբական եւ իսլամական յարաբերութիւններու գրասենեակի ղեկավար Իզաթ Ռաշք եւ Համասի ներկայացուցիչ Ժիհատ Եաղմուր Պոլսոյ մէջ հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահին հետ: Երկու կողմերը քննարկեցին Պաղեստինեան դատին զարգացումները եւ Իսրայէլի կողմէ Այսրյորդանանի եւ Յորդանան գետի հովիտի կցման հարցերը, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման քայլերը:

Թրքական կողմէն հանդիպումին ներկայ էին Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան` ՄԻԹ-ի ղեկավար Հաքան Ֆիտան, նախագահական պալատի հաղորդակցութեան գրասենեակի պատասխանատու Ֆահրեթթին Ալթուն եւ նախագահութեան բանբեր Իպրահիմ Քալըն:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ կը մերժէ Էրտողանի` չորս օր առաջ Համասի ղեկավարութեան հետ հանդիպումին վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութիւնը:

Նախարարութիւնը Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղեց` Իսրայէլի եւ պաղեստինցիներուն միջեւ հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն վարելու եւ ոչ թէ իսրայէլեան շահերուն ծառայելու:

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներ Իրաքի Եւ Թուրքիոյ Կ՛առաջարկեն Միասնաբար Սինճարը Մաքրել ՔԱԿ-էն

Յաջորդը

Սուրիա Կը Զգուշացնէ Թուրքիան Հասաքէի Մէջ Ջուրը Իբրեւ Պատերազմի Զէնք Օգտագործել Շարունակելէ

RelatedPosts

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու  Վերահսկողութեան Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու Վերահսկողութեան Տակ

November 5, 2026
Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն  Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն  Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»

November 5, 2026
Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ  Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք  Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»
Միջազգային

Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.