Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Մերժած Է Իրանի Դէմ Պատժամիջոցները Վերականգնելու Միացեալ Նահանգներու Պահանջը

August 27, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը մերժած է Իրանի դէմ թիւ 2231 բանաձեւի ծիրին մէջ պատժամիջոցները վերականգնելու Միացեալ Նահանգներու պահանջը: Ապահովութեան խորհուրդի անդամ պետութիւններու մեծամասնութեան կարծիքով` Միացեալ Նահանգներ նման պահանջ ներկայացնելու իրաւունք չունին: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:

Նախորդ շաբաթ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ծանուցած էր Իրանի դէմ պատժամիջոցները վերականգնելու մտադրութեան մասին` պատճառաբանելով, որ ատոր համար հիմք կը ծառայեն Իրանի հիւլէական ծրագիրին առնչութեամբ 2015 թուականին կնքուած Միացեալ գործողութիւններու ծրագիրի պահանջներու` Իրանի կողմէ խախտումները:

Ռուսիոյ ներկայացուցիչ, արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու մտադրութիւնները բացարձակապէս անհիմն են եւ ո՛չ քաղաքական, ո՛չ ալ իրաւական հիմքեր ունին:

Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ, Չինաստանի եւ Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութեան ներկայացուցիչները իրենց կարգին յայտարարած են, որ Միացեալ Նահանգներ Իրանի դէմ պատժամիջոցները վերականգնելու պահանջ ներկայացնելու իրաւունք չունին, որովհետեւ 2018 թուականին դուրս եկած են հիւլէական գործարքէն:

Իրանի դէմ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի պատժամիջոցները վերականգնելու ամերիկեան կողմի առաջարկը մերժելէ առաջ, Ապահովութեան խորհուրդը նաեւ մերժեց Իրանի դէմ զէնքի ներածման արգելքը երկարաձգելու Միացեալ Նահանգներու առաջարկը:

 

Նախորդը

«Մենք Ռուսիա Չենք, Մենք Պիելոռուսիա Ենք, Եւ Ոչ Մէկ Երկիր Պէտք Է Ազդէ Մեր Ժողովուրդի Որոշումին Վրայ» Կ՛ըսէ Թիխանովսքայա

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներ Իրաքի Եւ Թուրքիոյ Կ՛առաջարկեն Միասնաբար Սինճարը Մաքրել ՔԱԿ-էն

RelatedPosts

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու  Վերահսկողութեան Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու Վերահսկողութեան Տակ

November 5, 2026
Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն  Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն  Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»

November 5, 2026
Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ  Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք  Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»
Միջազգային

Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.