Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մենք Ռուսիա Չենք, Մենք Պիելոռուսիա Ենք, Եւ Ոչ Մէկ Երկիր Պէտք Է Ազդէ Մեր Ժողովուրդի Որոշումին Վրայ» Կ՛ըսէ Թիխանովսքայա

August 27, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պիելոռուսիոյ նախագահի նախկին ընդդիմադիր թեկնածու Սվեթլանա Թիխանովսքայա ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարած է, որ անթոյլատրելի է «դուրսէն» Պիելոռուսիոյ ներքին գործերուն միջամտելը:

Ինչպէս պատկերասփիւռի կայանը կը նշէ, Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ այս շաբաթ դարձեալ խօսած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ` մտավախութիւններ յառաջացնելով, որ Մոսկուան կրնայ միջամտել Պիելոռուսիոյ գործերուն:

Ընդդիմութեան ղեկավարը յայտարարած է, որ գործիչները ո՛չ արեւմտամէտ են, ո՛չ ալ հակառուսական տրամադրութիւններ ունին. իրենց երկիրը գերիշխան է:

«Մենք Ռուսիա չենք, մենք Պիելոռուսիա ենք: Մեր ժողովուրդը կ՛ուզէ ժողովրդավարական երկրի մէջ ապրիլ, եւ ոչ մէկ երկիր պէտք է ազդէ մեր ժողովուրդի որոշումին վրայ», ըսած է ան:

Այն հարցումին, թէ մէկ տարի առաջ պիտի զարմանա՞ր, եթէ ինքզինք տեսնէր այն կարգավիճակին մէջ, որուն մէջ այսօր յայտնուած է, ան ժպիտով դրական պատասխան տուած է:

«Ի հարկէ: Ես մէջս այնպիսի ուժ գտայ, որ չէի կրնար պատկերացնել, որ ունիմ», պատասխանած է ան:

Յիշեցնենք, որ 9 օգոստոսին երկրին մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութենէն ետք, Պիելոռուսիոյ մայրաքաղաք Մինսքի եւ երկրի այլ քաղաքներուն մէջ բողոքի ցոյցերն ու ընդդիմութեան կողմնակիցներու հանրահաւաքները կը շարունակուին:

Ընտրութեան յաղթանակ արձանագրած էր գործող նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ` ստանալով քուէներուն 80 առ հարիւրը:

 

Նախորդը

Ժիրինովսքի Լուքաշենքոյին Առաջարկած Է Պիելոռուսիան Միացնել Ռուսիոյ Եւ Դառնալ Ռուսիոյ Փոխվարչապետ

Յաջորդը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Մերժած Է Իրանի Դէմ Պատժամիջոցները Վերականգնելու Միացեալ Նահանգներու Պահանջը

RelatedPosts

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու  Վերահսկողութեան Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու Վերահսկողութեան Տակ

November 5, 2026
Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն  Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն  Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»

November 5, 2026
Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ  Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք  Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»
Միջազգային

Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.