Ռուս երեսփոխան Վլատիմիր Ժիրինովսքի ներկայացուցած է Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի համար իրադարձութիւններու զարգացման իր սեփական դիպաշարը:
Ըստ անոր, Լուքաշենքոյի համար միակ ելքը դաշնակից պետութեան` գիւղատնտեսական հարցով փոխվարչապետ դառնալն է, «Սակայն մինչ այդ ամբողջ Պիելոռուսիան պէտք է դառնայ Ռուսիոյ մէկ մասը»:
«Դիպաշար Լուքաշենքոյի համար:
1- Պիելոռուսիան մուտք կը գործէ Ռուսիոյ կազմ` իբրեւ վեց շրջան:
2- Լուքաշենքոն կը դառնայ Ռուսիոյ փոխվարչապետ` գիւղատնտեսութեան հարցով:
«Հակառակ պարագային, անոր կը սպառնայ Փինոշէի ճակատագիրը:
«Մենք ստիպուած ենք ընտրել երկու չարիքներու միջեւ: Պիելոռուսերը յոգնած են Լուքաշենքոյէն: Սակայն արեւմտամէտ ընդդիմութիւնը աւելի վատն է: Անոնք դէմ են Ռուսիոյ, անոնք արդէն կը խօսին անգլերէն եւ կը ծածանեն Եւրոպական Միութեան դրօշները:
«Հետեւաբար, Ռուսիոյ համար ձեռնտու է պահել Լուքաշենքոն, սակայն միայն նոր պայմաններու մէջ», գրած է Ժիրինովսքին` «Թելեկրամ»-ի վրայ:



