Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանան-Իսրայէլ Սահմանին Վրայ Ապահովական Միջադէպ Մը Կ՛արձանագրուի

August 27, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան ուժեր անցեալ երեքշաբթիէն չորեքշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին ֆոսֆորի հրթիռներով ռմբակոծեցին հարաւային Լիբանանը:

Ռմբակոծումը դադրեցաւ առաւօտեան կանուխ ժամերուն, եւ ցարդ սահմանամերձ շրջանին մէջ կը տիրէ զգուշաւոր լռութիւն:

Նախքան ռմբակոծումը, իսրայէլեան ուժեր Մայս Էլ Ժապալի եւ Հուլայի ուղղութեամբ լուսաւոր ռումբեր արձակած էին եւ Լիբանանի հետ սահմանին հսկողութիւնը խստացուցած, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան օդուժի թռիչքները աշխուժացուցած:

Իսրայէլեան ուժերու պաշտօնական բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտնեց, որ նախանցեալ գիշեր Իսրայէլ-Լիբանան սահմանամերձ շրջանին վրայ իսրայէլեան ուժեր կրակոցի ենթարկուած են` հաստատելով, որ կրակոցը ուղղուած է լիբանանեան հողերէն, եւ այդ պատճառով ալ իսրայէլեան ուժերը մեծ թիւով լուսաւոր ռումբեր արձակած են:

Ատրահի ըսաւ, որ ապահովական այս միջադէպին պատճառով իսրայէլեան օդուժը ռմբակոծած է Հըզպալլայի պատկանող թիրախներ:

Ատրահի յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պատասխանատու է իր հողերուն վրայ կատարուող իւրաքանչիւր քայլի:

«Ապահովական այս միջադէպը կը նկատենք շատ վտանգաւոր, որովհետեւ անիկա իսրայէլեան գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն գործելու փորձ մըն է: Մեր ուժերը պիտի մնան կազմ ու պատրաստ` պաշտպանելու համար Իսրայէլի գերիշխանութիւնը եւ բնակչութեան ապահովութիւնը` ըստ կարիքի», ըսաւ ան:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու հաստատեց, որ Իսրայէլ շատ վտանգաւոր կը նկատէ Հըզպալլայի կողմէ իսրայէլեան ուժերուն դէմ կրակ բանալու յանդգնութիւնը` աւելցնելով, որ իրենք կը մերժեն, որ իսրայէլացի քաղաքացիներուն դէմ յարձակում սանձազերծուի` ընդգծելով միաժամանակ, որ նման որեւէ յարձակումի դէմ ուժգին պիտի պատասխանեն:

«Խորհուրդ կու տամ Հըզպալլային Իսրայէլի հարուածային ուժը չփորձարկելու, որովհետեւ ան լիբանանեան պետութիւնը դարձեալ վտանգի կ՛ենթարկէ իր բռնարարքներուն պատճառով», շեշտեց Նեթանիահու:

ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու պաշտօնական բանբեր Անտրէա Թինընթի երէկ յայտնեց, որ երեքշաբթի, 25 օգոստոս 2020-ին, գիշերուան ժամը 11:00-ին, ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը լուսաւոր ռումբեր նշմարեցին` արձակուած իսրայէլեան ուժերու դիրքերէն:

Թինընթի յայտնեց, որ այդ ռումբերը արձակուեցան Կապոյտ գիծի երկարութեամբ` Այթարունի, Այթա Շաապի, Մայս էլ Ժապալի, Հուլայի, Քֆարքիլայի եւ Քֆարշուպայի կողմէ:

Ան յայտնեց նաեւ, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը իրենց ռատարներուն վրայ նշմարած են նաեւ հրասանդներ, թնդանօթային հարուածներ ու խիտ մուխ, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան օդանաւերու թռիչքներ:

Թինընթի նշեց, որ Կապոյտ գիծի պաշտպանութեան համար ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը կազմ ու պատրաստ վիճակի մէջ եղած են` աւելցնելով, որ իսրայէլեան ուժերը իրենց յայտնած են, թէ Լիբանանէն իրենց ուղղութեամբ կրակ բացուած է:

Թինընթի յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլ նախանցեալ կէս գիշերէն ի վեր կը յորդորէ իսրայէլեան եւ լիբանանեան կողմերը ինքնազսպումի ենթարկուելու եւ սադրանք պատճառող արարքներէ խուսափելու, որպէսզի կարելի ըլլայ ապահովական մագլցումներուն եւ զինադուլը վտանգի ենթարկելու արարքներուն վերջ տալ:

Թինընթի նշեց, որ Տել Քոլ հաստատած է, որ ապահովական այս միջադէպին մասին հետաքննութիւն պիտի բացուի` իմանալու համար դէպքին մանրամասնութիւնները:

«Տել Քոլ կոչ ուղղեց երկու կողմերուն գործակցելու` այդ հետաքննութեան յաջողութեան ի խնդիր», ըսաւ Թինընթի:

– ՆՇԵՆՔ, որ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլի հետ` իբրեւ նախապատրաստութիւն` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ուրբաթ օրուան նիստին ընթացքին ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն պաշտօնավարութիւնը մէկ տարիով երկարաձգելու որոշումին:

Նախորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Բացարձակ Առաջնահերթութիւնը Բարեկարգումի, Արդիւնաւէտութեան, Գործօն Եւ Բարեկարգումի Ծրագիրի Յանձնառու Կառավարութեան Մը Կազմութիւնն Է»

Յաջորդը

Յուլիս Ամսուան Ընթացքին Սպառողական Ապրանքներու Սակերը 11,42 Առ Հարիւրի Աճ Արձանագրեցին

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.