Շուէտի ֆութպոլի ազգային խումբին եւ Պարսելոնայի նախկին յառաջապահ՝ Հենրիք Լարսըն, նախորդ շաբաթավերջին նշանակուեցաւ Պարսելոնայի նորանշանակ գլխաւոր մարզիչ՝ Ռոնալտ Քէօմանի օգնական, այս գծով յայտնեց քաթալոնիական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը, իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ:
Ինչպէս ծանօթ է, որ Պարսելոնայի եւ նիտըրլենտներու ազգային խումբին նախկին յետսապահ՝ Քէօման ստանձնեց ակումբին գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը (երկու տարուան պայմանագրութեամբ), փոխարինելով Քիքէ Սեթիէնին, որ իր արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով պաշտօնանկ եղաւ ակումբին ղեկավարութեան կողմէ:
Այժմ, Քէօման-Լարսըն զոյգը պիտի փորձէ զօրաւոր կազմ մը յառաջացնել, որ ի վիճակի ըլլայ նախ գոհ ձգել ակումբին համակիրներուն, ապա լաւ արդիւնքներ արձանագրելով, տիտղոսներ ապահովել:
Նշենք, որ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին, Քէօման ըսաւ, որ իր ծրագիրներուն մէջ ունի արժանթինցի միջազգային յառաջապահ՝ Լիոնել Մեսսիին, հակառակ անոր որ այս վերջինը յայտնած էր ըսելով, որ Պարսելոնայէն հեռանալու ծրագիր ունի:



